2015-04-09 10:19:00

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը


Ապրիլ 23-ին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը

Շուրջ 400 տարուան ընդմիջումէ ետք այս Ապրիլ 23-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ սրբադասման արարողութիւն: Ընդհատուած այս շղթան կը վերականգնուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումով: Անիկա հաւաքական պիտի ըլլայ, նահատակներուն թիւ պիտի չնշուի, ինչպէս Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց սուրբերու պարագային: Արարողութիւնները պիտի սկսին Ապրիլ 22-ի երեկոյեան` Հսկման աղօթքի յատուկ կարգով: Պատրաստ են սրբադասման համար անհրաժեշտ բաղադրիչները` նահատակներու մասունքները, վկայագրութիւնը, սուրբերու հռչակման բանաձեւը, սրբապատկերները, շարականը, ժամամուտը:

«Մասունքները յատուկ մասնատուփի մէջ պիտի դրուեն Ապրիլի 22-ին: Յաջորդ օրը պիտի ներկայացուի սրբադասման կարգին` յատուկ արարողութեամբ պիտի տեղի ունենայ մասունքների քօղազերծում, յարգանքի ընծայում բոլոր ներկաների կողմից: Իսկ մասունքները հիմնականում նրանք են, որոնք տարիներով պահուած են Տէր Զօրի կամ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ցեղասպանութեանը նուիրուած մատուռի մէջ եւ նաեւ Մայր Աթոռում»,- ըստ «Երկիր մետիա»-ի՝ ըսած է սրբադասման արարողութեան եւ ոգեկոչման ապրիլեան ձեռնարկներու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ բագրատ եպս. Գալստանեանը:

Սրբադասման հանդիսաւոր արարողութիւնը Ապրիլ 23-ին է: Իսկ յաջորդ օրը Ծիծեռնակաբերդի մէջ պիտի կատարուի Բարեխօսական աղօթքի արարողութիւն: Նաթան արքեպիսկոպոսը ըսած է, որ այսուհետեւ Ապրիլ 24-ին Ցեղասպանութեան զոհերուն համար ոչ թէ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի, այլ` յիշատակման կարգ, ինչպէս միւս սուրբերու պարագային:

«Մենք այլեւս ոչ թէ ողբում ենք նրանց կորուստը, այլ խնդրում ենք նրանց բարեխօսութիւնը: Սա իսկապէս արմատական փոփոխութիւն է եւ պարզ հոգեբանութիւն չէ միայն»,- պարզաբանած է սրբադասման արարողութեան եւ ոգեկոչման ապրիլեան ջեռնարկներու կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Նաթան արք. Յովհաննիսեանը:

Այդ օրերուն Մայր Աթոռը պետական, հոգեւոր, հասարակական ու քաղաքական բազմաթիւ հիւրեր պիտի ընդունի աշխարհի տարբեր կողմերէն: Հոգեւորականները կը հրաւիրեն նաեւ հաւատացեալները` իրենց աղօթքներով մասնակցելու պատմական իրադարձութեան: Այդ նպատակով տպագրութեան կը պատրաստուի արարողութիւններու գրքոյկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.