2015-04-09 10:07:00

Իտալական մամուլը անրադարձած է Հռոմի Պապի հայերու համար նուիրուած պատարագին


Իտալական Rome Reports հեռուստաընկերութիւնը պատրաստած է յատուկ հաղորդում մը Ապրիլ 12-­ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հռոմի Ֆրանսիս Պապի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­ամեայ տարելիցին նուիրուած պատարագին վերաբերեալ:

«Արմէնփրես»-­ի փոխանցմամբ` հեռուսատատեսութեան հետ զրոյցի ընթացքին Սուրբ Աթոռի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեանը նշած է, որ Հռոմի Պապի` պատարագ մատուցելու համաձայնութիւն տալու փաստը արդէն իսկ շատ բանի մասին կը խօսի: Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ պատարագը պիտի չքաղաքականացուի:

«Հայերի համար այս 100­րդ տարելիցը շատ չի տարբերուելու մէկ, երկու, հինգ, վեց, եօթ կամ անգամ 200 տարի յետոյ զգացածից: 100 տարի հայերն իրենց ներքին կռիւն են մղել անարդարութեան եւ անտեղեակութեան դէմ: Այս տարելիցը կարեւոր է աշխարհի համար, հայերի համար, այս պահին, այն շատ բան չի փոխում, սակայն սա միջոց է աշխարհի համար` իմանալու ճշմարտութիւնը»,-­ ըսած է ՀՀ դեսպանը:

Երկու տարի առաջ Հռոմի Պապը Կիլիկիոյ պատրիարքին հետ զրոյցի ընթացքին կատարուածը անուանած է 20-­րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: Դեսպան Միանսեանի գնահատումով` պատմութիւնը կը կրկնուի. «Իրաքի եւ Սիրիայի քրիստոնեաները փրկութեան այն նոյն ուղիներից են օգտւում, ինչ հայերը 100 տարի առաջ: Ինչու՞: Որովհետեւ կառավարութիւնները մերժում են պատմութիւնը, խուսափում խօսել ճշմարտութեան մասին»,-­ ըսած է ան:

Հաղորդման մէջ կը նշուի , որ Կիրակի օրը մատուցուելիք պատարագի ընթացքին Հռոմի Պապը պաշտօնապէս Ս. Գրիգոր Նարեկացին պիտի հռչակէ Եկեղեցւոյ դոկտոր:








All the contents on this site are copyrighted ©.