2015-04-08 10:11:00

Հոգեւորականներու համախմբում՝ Հայկական պահանջատիրութեան շուրջ։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Ցեղասպանութեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը» խորագիրով գիտաժողովը, որ իրականութիւն կը դառնայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ: Գիտաժողովը մէկ յարկի տակ համախմբած է երկու կաթողիկոսութիւններուն, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան ներկայացուցիչները:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գիտաժողովի բացման խօսքին մէջ իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնած է, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ համախմբուած են հայ եկեղեցւոյ բոլոր ուղղութիւնները ներկայացնող հոգեւորականները: «100 տարի առաջ մեր հոգեւոր հայրերը համախմբուել էին, որ դիմակայեն ազգին սպասուող վտանգին: Այսօր էլ մեր հայրերը համախմբուել են Հայ Դատն առաջ տանելու ու հայութեան պահանջատիրութիւնը մինչեւ վերջ հասցնելու համար», ըսած է նախարարը:
Հրանոյշ Յակոբեանի համաձայն՝ դարեր շարունակ չունենալով պետականութիւն, ազգային ու հոգեւոր կեդրոններուն դերը իր ուսերուն առած է հայ եկեղեցին:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին խօսքը ներկաներուն փոխանցած է Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը: «20րդ դարասկզբին Օսմանեան կայսրութիւնում հայերի հանդէպ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը փոխեց մեր ժողովրդի ճանապարհը: Քայլեցինք Գողգոթայի ճանապարհով, ապրեցինք տառապանքներով եւ զրկանքներով ու սփռուեցինք ամբողջ աշխարհում: Ցեղասպանութեանը յաջորդեցին պատմութեան վերաիմաստաւորման եւ արդարութեան հասնելու դժուարին տարիները, որոնք 20րդ դարի աւարտին արգասաւորուեցին հայկական անկախ պետականութեան վերակազմաւորմամբ», նշուած է հայրապետի ուղերձին մէջ։
«Շատ ուրախ եմ, որ գիտական ուսումնասիրութիւններով անդրադարձ է կատարւում Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներին ու դրանց յաջորդող տարիներին հայ հոգեւորականների իրականացրած առաքելութեանը: Ինչպէս հայ ժողովուրդն իր դարաւոր պատմութեան ընթացքում կրել է զրկանքներ, այդպէս էլ միլիոնաւոր նահատակ հայերի հետ նահատակութեան սեղանին է թողնուել նուիրեալ հոգեւորականութիւնը», յայտնած է Գարեգին Բ.։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղերձը փոխանցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան:
«Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ հոգեւորականութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ հայ եկեղեցիներուն մասին: Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած ու գործադրած Ցեղասպանութեան նպատակն էր բնաջնջել հայ ժողովուրդը եւ վերցնել Հայաստանը աշխարհի քարտէզէն: Կարդացէք Ցեղասպանութեան տարիներուն մեր ժողովուրդի ողբերգութեան պատմութիւնը, հետեւեցէք Ցեղապանութեան զանազան դրուագներու, ու այդ բոլորին մէջ պիտի տեսնէք մեր եկեղեցւոյ մնայուն ներկայութիւնը», նշուած է կաթողիկոսի խօսքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.