2015-04-08 10:19:00

ԱՄՆ-ի մէջ դրամահաւաք եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 25 եւ 26 Ապրիլին,  ԱՄՆի մէջ դրամահաւաք պիտի կատարուի, եկեղեցւոյ առաքելութեան համար։

Նախաձեռնութեան նպատակն է օգնութեան հասնիլ ԱՄՆի այն վայրերուն որոնք զուրկ են քահանայի մը ներկայութենէն։ Անցեալ տարի տարեկան դրամահաւաքէն կարելի եղաւ հաւաքել 9 միլիոն տոլար, որ տրամադրուեցաւ եկեղեցւոյ ընչազուրկներուն ու արուարձաններու մէջ ապրողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.