2015-04-07 10:07:00

Ռայի պատրիարքի Ս. Զատկուայ տօնին քարոզը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենց ցաւը գագաթնակէտին հասած է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու անկարողութեան եւ ներքին քաղաքական սուր երկփեղկումին պատճառով:

Ռայի պատրիարքը կարեւորութեամբ շեշտեց խաղաղութեան պարագան` հաստատելով, որ խաղաղութիւնը պէտք է դառնայ անհրաժեշտութեան եւ վերածուի արդարութեան եւ սիրոյ վրայ հիմնուած խաղաղութիւն:

Ռայի պատրիարքը աղօթեց նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի եւ պատերազմներ դիմագրաւող երկիրներուն եւ անոնց քաղաքացիներուն համար:

Ս. Զատկուան տօնին առիթով իր յղած պատգամին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ սահմանադրական ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կայ` նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը պոյքոթի ենթարկելու:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւն մը, որոնց ներկայութեան ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական խմբաւորումի մը որդեգրած կեցուածքներուն պատճառով խորհրդարանը կը թերանայ սահմանադրական` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իր պարտականութեան մէջ:

Ան աւելցուց, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելը պատճառ կը դառնայ, որ Լիբանան վտանգներու ենթարկուի եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը սառի:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.