2015-04-04 11:06:00

Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը Ս. Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիիան) 4 Ապրիլ 2015-ին, Աւագ Շաբաթ է.  Երեկոյեան ժամը 20,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, տեղի կ՛ունենայ  Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ,  իսկ վաղը` Կիրակի ապրիլ 5-ին,  մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան յիշատակի օրուան առթիւ, առաւօտեան ժամը 10.15ին Ֆրանչիսկոս Պապը,   Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' ուղղուած աւանդական առաքելական օրհնութիւնը։

Մինչ երեկ` ուրբաթ 3 ապրիլին, աւագ ուրբաթ օրուայ առթիւ, Քոլոսսէումի ամփիթատրոնին մէջ կայացած, Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած  աւանդական ճանապարհ խաչիի յուզիչ արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը արտասանեց խօսք մը որուն ընթացքին ի մէջ այլոց  ըսաւ`  ''Անսահման սէր Քրիստոսի` մեզի մեղաւորներուս։ Ով Քրիստոս խաչեցեալ եւ յաղթական...Քու խաչիդ ծանրութիւնը մեզ բոլորս կ՛ազատագրէ մեր բեռերէն։ Քու հնազանդութեամբ Աստուծոյ կամքին, մենք կ՛անդրադառնանք մեր ապստամբութեան եւ անհնազանդութեան։ Քու այլակերպուած դէմքիդ մէջ կը տեսնենք մեր դաժանութիւնը։ Քու մէջդ, ծախուած, դաւաճանուած եւ խաչուած, մենք կը տեսնենք մեր առօրեայ դաւաճանութիւններն ու մեր անհաւատարմութիւնը։ Քու անմեղութեանդ մէջ, անարատ գառնուկ, մենք կը տեսնենք մեր յանցանքները։ Քու չարչարանքներուդ վայրագութիւններուն մէջ, մենք կը տեսնենք մեր սրտին ու մեր գործերուն վայրագութիւնները։  Քու լքուածութեանդ մէջ մենք կը տեսնենք բոլոր անոնք որ լքուած ու անտեսուած են իրենց ընտանիքներէն, ընկերութենէն եւ ուշադրութենէն։ Քու զոհաբերուած մարմինիդ մէջ, կը տեսնենք մեր եղբայրներուն մարմինները, լքուած ճամբաներու երկայնքին, ու յօշոտուած մեր անտարբերութեան պատճառաւ։ Քու ծարաւիդ մէջ Տէր` մենք կը տեսնենք ծարաւը քու ողորմած Հօրդ, որ քու միջոցաւդ ուզեց համայն մարդկութիւնը ողջագուրել, ներել եւ փրկել։

Քու մէջդ, Աստուածային սէր, մենք տակաւին այսօր կը տեսնենք մեր հալածուած եղբայրները, գլխատուած ու խաչուած իրենց հաւատքին համար, մեր լռելեան կեցուածքին առջեւ որ յաճախ մեղսակիցի լրութիւն է։ Դրոշմէ Տէր` մեր սրտերուն մէջ հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ զղջումի զգացումները ու մեզ մղէ ապաշխարելու եւ զղջալու մեր մեղքերուն համար` որ քեզ խաչեցին։

Խաչեալ Քրիստոս` մեզի սորվեցուր որ Խաչը Յարութեան ճանապարհ է։ Սորվեցուր որ աւագ Ուրբաթը ճանապարհն է դէպի Զատկուայ լոյսը։ Սորվեցուր որ Աստուած երբեք չի մոռնար իր զաւակներէն եւ ոչ մէկը եւ չի յոգնիր երբեք մեզ ներելէ ու մեզ ողջագուրելէ իր անսահման ողորմութեամբ ու սորվեցուր նաեւ որ մենք ալ չի յոգնինք ներողութիւն հայցելէ ու Հօր անսահման ողորմութեան վրայ յուսալէ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա աղօթք մը արտասանեց եւ առաքելական օրհնութիւնը տուաւ բոլոր ներկաներուն հուսկ հրաժեշտ առաւ ըսելով.  ''Այժմ վերադառանք մեր տուները, Յիսուսի յիշատակով, անոր Չարչարանքի եւ անհուն սիրոյ յիշատակով ու նաեւ Յարութեան ուրախութեամբ եւ յոյսով''։








All the contents on this site are copyrighted ©.