2015-04-04 12:35:00

Յովհաննէս Եպիսկ. Թեյրուզեանի Յարութեան Պատգամը «Դառնալ Յարութեան պատգամաբերներ»


Վեց շաբաթներ ամբողջ, ծոմապահութեամբ ջանացինք ընթանալ դէպի Զատիկը: Մեր ազատագրումը ամէն բանէն որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ՝ աղբիւրը մեր կեանքին, եւ մեր եղբայրներէն՝ մեզի նման սահմանուած վայելելու Տիրոջ Սէրն ու ողորմութիւնը: Այս ժամանակը հոգեւոր ուղեւորութիւն մըն է մեզ հոգիներու սիրահար Քրիստոսի ընկերակցութեամբ՝ Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք: Ան մեզ կը հրաւիրէ լսելու Իր Աւետիսը, հետեւելու իր քայլերուն նեղ ճամբու մը վրայ՝ որ սակայն կը հասցնէ յաւիտենական երջանկութեան. «Ով որ կ'ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը ամէն օր եւ ետեւէս գայ: Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն. Իսկ ով որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի փրկէ զայն» (Ղուկաս. 23, 24):   :

Քրիստոս, մարդանալով, վկայեց թէ ազատ ու գիտակից կերպով որոշում առած է. սիրով նուիրել Իր կեանքը բոլոր մարդկութեան համար: Քրիստոսի այս տենչը մարդոց հանդէպ զԻնք հասցուց Գողգոթա եւ մահուան խաչի վրայ, Կեանքի եւ երջանկութեան երկրորդ ծառը: Գողգոթայի բլուրին վրայ երեւցաւ Կեանքի աղբիւրը, Կեանքի Հեղինակը, Կեանքը, Իր տեսլականով  յայտնուած Վերջին ընթրիքին օրը. «Իսկ երբ ես երկրէն բարձրանամ, այն ատեն բոլոր մարդիկը ինծի պիտի քաշեմ» (Յովհ. 12, 32): 

Այս է մեր հաւատքը. Քրիստոս Յարեաւ եւ մեզ հետը յարոյց: Ս. Պօղոս կ'ըսէ. «Եթէ Քրիստոս Յարութիւն չառաւ՝ մեր քարոզութիւնը ընդունայն է, ընդունայն՝ նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա Կոր 15, 14): Քառասնորդացի ընթացքին նոր ճամբայ մը ընտրեցինք հետեւելով Սրբազան Քահանայապետին յորդորին. քրիստոնեան Մկրտութեամբ եւ կենցաղով առաքեալ է իր միջավայրին մէջ»: Պատգամը Յարութեան, որ մեզ կը մղէ աշխատանքի, առաքելութիւնն է իւրաքանչիւրիս: Արդարեւ Աստուած մեզ ընտրեց ու ղրկեց աշխարհ դառնալու համար «աղը երկրի եւ լոյսը աշխարհի», փոխանցելու ամէնուն հաւատքի հրապոյրը, Աստուծոյ վրայ վստահելու հմայքը, նոյն իսկ եթէ կեանքը դժուար է, փաստելու համար թէ քաղցր է ուսերուն վրայ դնել Քրիստոսի եւ մարդկութեան խաչը. «Առէք լուծս ձեր վրայ, սորվեցէք ինձմէ որ սրտով հեզ եմ եւ խոնարհ ու պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն: Լուծս քաղցր է ու բեռս՝ թեթեւ» (Մատթ. 11, 29-30): Յարութեամբ հրաւիրուած ենք  ճաշակելու եւ ճաշակեցնելու Աստուծոյ սէրը, որովհետեւ որպէս քրիստոնեայ մեր առաքելութիւնն է փոխանցել Քրիստոսի Յարութիւնը մարդկութեան:

Յարութենէն ետք, Յարուցեալ Յիսուսը յաճախ երեւցաւ առաքեալներուն: Սակայն առաքեալներուն վարուելակերպը չփոխուեցաւ, անոնք շարունակեցին իրենց սովորական կեանքը: Յիսուս անոնց հարցուց եթէ ձուկ ունին: Անոնց ժխտական պատասխանին, Ան խնդրեց որ ծով մտնեն ու նետեն իրենց ուռկանները նաւակին աջ կողմը եւ շեշտեց թէ պիտի գտնեն: Անոնք ըրին ինչ որ խնդրուեցաւ իրենցմէ եւ հրաշքով առատ ձուկ որսացին: Հակառակ այս առատութեան, ուռկանները չպատրուեցան: Առատութիւնը բաժինն է անոր որ կը վստահի Հօր Աստուծոյ  Որդիին միջոցաւ: Եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւրիս առատութիւնը յառաջ կու գայ խաչեալ Յիսուսէն, Անոր խոցուած Ս. Սրտէն: «Հունձքը առատ է» (Ղուկաս 10, 2): Սակայն մշակնե'րը կը պակսին հունձքի համար: Յարութեան գաղափարին մէջ կայ առատութեան գաղափարը: Եթէ պակաս մը կայ, այդ յառաջ կու գայ մեզմէ: Երբ աշակերտները կը բերեն Յիսուսի առջեւ ձուկերը, հոն գտան արդէն տապկուած ձուկեր, պատրաստ ճաշի համար: Յիսուս կը հասկցնէ մեզի թէ Աստուծոյ տուրքը մեր առատութենէն առաջ է:

Քրիստոնեան Յարութեան պատգամաբեր է, այսինքն Աստուծոյ անհուն սիրոյն եւ Կեանքի առատութեան աւետիսը ծանուցանող է: Հարկ է մոռնալ մենք զմեզ եւ հրաժարելու ենք մենք մեր ոյժերով եւ կազմակերպութիւններով կեանքին մէջ յաջողելու տենչէն: Նուիրուիլ Աստուծոյ ծառայութեան գովելի քայլ մըն է, մեր կեանքին մէջ: Ազատօրէն տրամադրուիլ քրիստոսի որպէսզի Ան աշխատի մեր մէջ եւ մեր միջոցաւ, որպէսզի ընտելացնել ամէն մարդ աստուածային սիրոյն խորհուրդին, այս է ճշմարիտ եղբայրսիրութիւնը, զոր կանչուած ենք ապրելու:

Քրիստոսի Յարութեամբ եւ մկրտութեան խորհուրդով, մեր կեանքին մէջ եւ աշխարհի վրայ, բան մը կը փոխուի: Թող որ Սուրբ Հոգին ներգործէ մեր մէջ որպէսզի առատօրէն պտղաբերենք ու բացուինք Զատկուայ բոլոր օրհնութիւններուն:   

 

Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թեյրուզեան








All the contents on this site are copyrighted ©.