2015-04-04 08:47:00

Հայրապետական Պատգամ Սուրբ Յարութեան


Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առիթով, ի ձայն ցնծութեան Ձեզի կը փոխանցենք մեր Հայրապետական պատգամը Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ եւ Առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, սարկաւագներ, առաքինազարդ կուսաններ, յարգարժան հաստատութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բոլոր մեր բարեպաշտ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներ:

                             «Ով որ Աստուծմէ ծնած է, կը յաղթէ աշխարհի:

                             Եւ այս է յաղթանակը որ տարուեցաւ աշխարհի վրայ.

                             մեր հաւատքը»        (Ա. Յովհ 5,4)

            Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը՝ մեր կեանքին գլխաւոր օրը պէտք է համարենք, մեր հաւատքին կեդրոնական օրը: Կրնանք ըսել թէ Քրիստոսի Յարութիւնը ամէն քրիստոնեայի հաւատքին տօնն է: Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, ձեր հաւատքը պարապ է» (Ա. Կոր 15,17): Բայց ստոյգ է որ Յիսուս յարութիւն առաւ: Ուստի, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հաւատալ: Եւ եթէ այսօր մենք քրիստոնեայ կը կոչուինք, այսինքն Քրիստոսի աշակերտ ենք, ան է որովհետեւ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան կը հաւատանք:

            Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը կարողութիւն ունի բարեփոխելու ամէն հաւատացեալին ընթացքը, ինչպէս նաեւ մարդկութեան պատմութիւնը: Այս է որ տեղի ունեցաւ 1714 տարի առաջ Հայ ժողովուրդին, երբ հաւատաց Քրիստոսի՝ շնորհիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեան եւ կեանքի վկայութեան: Անկէ վերջ, Հայ Ազգը փառապանծ պատմութիւն մ'ունեցաւ, ոչ միայն առաջին ժողովուրդը եղաւ որ քրիստոնեայ կրօնքը հաստատեց որպէս պետական կրօն, այլ նաեւ տալով երեւելի սուրբ հայրապետներ՝ նման Մեծն Սուրբ Ներսէս, Սուրբ Յովհան Մանդակունի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Սուրբ Ներսէս Լամպրոնացի եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային համբաւ ունեցող վանականներ՝ ինչպէս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ հայ ժողովուրդին ամէնէն սիրուած եւ կարդացուած սուրբն է, եւ որ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը զայն պաշտօնապէս գալ կիրակի օրը երեսուն վեցերորդ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ պիտի հռչակէ:

            Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը պատմական անժխտելի եղելութիւն մըն է: Արդարեւ, Եկեղեցւոյ պատմութիւնը հիմնուած է Միածին Որդի՝ Յիսուսին Յարութեան վրայ, որ մարդ եղաւ մեզի պէս, որպէսզի մեզ փրկէ մեր մեղքերէն ու յաւիտենական մահէն, եւ յարութիւն առաւ մեր արդարացումին համար, ինչպէս կ'ըսէ Սուրբ Պօղոսը հռոմայեցի նոր հաւատացեալներուն (Հռ 4,25): Յիսուսի Յարութիւնը մեզի համար մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ որքան որ հաւատք ունինք: Նկատի պէտք է առնել որ հաւատքը աստուածային առաքինութիւն մըն է, այսինքն Աստուծմէ մարդուն տրուած տուրք մը, եւ ոչ արդիւնք մարդկային կարողութեան: Փաստ՝ մանուկներ եւ անուս քրիստոնեաներ սուրբ եղած են, ոչ իրենց կարողութեան համար, այլ իրենց հաւատքին պատճառաւ:

            Համոզուած հաւատացեալը ինք իրմէ ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ երկիւղած սրտով Աստուծոյ դիմելու, որպէսզի իր հաւատքը ամուռ մնայ եւ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց անոր հաւատքը չսայթաքի: Նման քրիստոնեան իմաստուն է, որովհետեւ գիտէ ուր է իր օգուտը, ուր է իր շահը՝ Աստուծոյ մօտ է եւ ոչ թէ մարդոց մօտ: Այս իմաստուն քրիստոնեան կ'ապրի ու կ'աշխատի նաեւ ուրիշներուն բարիքին համար: Իսկ հաւատք չունեցողը չի գիտեր ուր է իր իսկական շահը եւ աղօթքի կը դիմէ միայն երբ ծանր նեղութեան մէջ գտնուի:

            Յիսուսի աշակերտները, որ Յիսուսին այնքան մօտ էին, օր մը Անոր ըսին. «Տէ՛ր, աւելցո՛ւր մեր հաւատքը» (Ղուկ 17,5): Ուստի, եթէ Յիսուսի հարազատ աշակերտներ կ'ուզէք մնալ, խոնարհութեամբ եւ յարատեւ կերպով խնդրեցէք յարուցեալ Քրիստոսէն որ ձեր հաւատքը աւելցնէ, որպէզի Աստուծոյ կամքը գիտնաք եւ զայն կատարէք ու երջանիկ դառնաք՝ դուք եւ ձեր շրջանակը: Աղօթքին պէտք է լուրջ կարեւորութիւն ընծայել, որովհետեւ ներկայ աշխարհը, իր արթի մշակոյթով, կը մղէ մարդը այնպէս ապրելու՝ կարծէք թէ Աստուած գոյութիւն չունի: Անոնք առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տան շահ գոյացնելու, շահաւէտ բարեկամութիւններ ունենալու եւ դիրք ու պատիւ փնտռելու: Շատեր, եթէ ոչ մարդոց մեծամասնութիւնը, դժբախտաբար այս թակարդին մէջ կ'իյնան եւ իրենց ամբողջ մտահոգութիւնը Աստուծմէ հեռու կը մնայ եւ ուղղուած կ'ըլլայ լոկ նիւթական շահին ետեւէն, որ մարդուն գոհունակութիւն եւ երջանկութիւն չեն տար:

            Միակ ճշմարտութիւնը այն է՝ որ Աստուած գոյութիւն ունի, որ Յիսուս իսկապէս Յարութիւն առած է եւ Ան միայն կարող է մեր կեանքը բարւոքել: Այս է այսօրուան խորհուրդը որ կ'ապրինք եւ պէտք է ապրինք ամէն օր, մանաւանդ ամէն սուրբ պատարագին ընթացքին, որովհետեւ առանց Քրիստոսի Յարութեան, մեր կեանքը անիմաստ կը դառնայ եւ դժուարութիւնները մեզ տխուր եւ անյոյս կը դարձնեն, որ յուսահատ եւ անգոհունակ վիճակ յառաջ կը բերեն: Լուրերը բացայայտ են. Եւրոպական ամէնէն յառաջացած երկիրները՝ ամէնէն շատ անձնասպանութիւն կ'արձանագրեն: Դժբախտաբար, կան քրիստոնեաներ, որոնք իրենց հաւատքը տկարացած է կամ մարած: Անցեալ Մարտ 6-ին, այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը Ֆրանչիսկոս խօսք ուղղելով մօտ հինգ հազար հոգիներու հաւագի մը առջեւ՝ կազմուած առաքեալ քահանաներէն եւ միսիոնար ընտանիքներէն ու երիտասարդներէն, ըսաւ. «Գացէ՛ք, քարոզեցէ՛ք Քրիստոսը հեթանոսներուն եւ ոչ մկրտուածներուն, ինչպէս նաեւ հեթանոս քրիստոնեաներուն, որոնք իրենց մկրտութիւնը մոռցած են եւ իրենց հաւատքը մարած է: Ի՜նչ ծանր բայց ճշմարիտ խօսք է ասիկա, որ մեզի մտածել կու տայ, եւ որ կը մղէ բազմաթիւ քահանաներ եւ հարիւրաւոր ընտանիքներ աշխարհին չորս կողմ երթալու՝ Քրիստոսը քարոզելու համար: Արդարեւ, քանիներ դժբախտաբար կ'ապրին մթութեան մէջ, առանց գիտնալու ինչո՞ւ համար կ'ապրին: Իրենց կեանքը նիւթական դարձած է՝ առանց Քրիստոսի լոյսին, որ միայն կարող է լուսաւորել իրենց ժամանակը, իրենց կեանքը: Կ'ապրին առանց ուրիշներուն օգտակար դառնալու, առանց կեանքի նպատակ ունենալու, կարծէք թէ Քրիստոս Յարութիւն չէ առած եւ մեզի նոր կեանք չէ տուած: Յարուցեալ Քրիստոսը մեր յոյսի ուժն է եւ մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետ Յարութիւն առնելու: Յարուցեալ Քրիստոսին վրայ դրած մեր հաւատքը կարող է մեր կեանքը փոխելու, անոր նոր իմաստ տալու, ամէն մէկը իր շրջանակէն ներս բարի լուրը տարածելու եւ ահագին մարդոց՝ նոր յոյս մը ներշնչելու: Հաւատքը կեանքը կը բարւոքէ, յուսահատութիւնը կը փարատէ, երիտասարդներուն նոր հորիզոններ կը բանայ եւ դժուարութեան մէջ՝ լուծումներ կը թելադրէ ու մշակոյթը կը բարեփոխէ: Այսպէս, ամէն հաւատացեալ մարդ ու կին, երիտասարդ ու երիտասարդուհի աշխարհին լոյսը պիտի դառնայ, երկրին՝ աղը եւ ընկերութեան՝ խմորը:

            Յոյժ սիրելիներ, այս ըմբռնումով, այսօրուան Սուրբ Յարութեան տօնը մեր ապրումին իմաստը կը նորոգէ եւ կը յայտնէ մեզի մեր կեանքին նպատակը: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք որ Յիսուս յարութիւն առաւ, ուրեմն մենք ալ յարութիւն պիտի առնենք իրեն հետ: Այս է քրիստոնեայ կրօնքին իսկական նորութիւնը՝ մահուընէն ետք յարութիւն առնել, յաւիտենական կեանք ապրիլ Աստուծոյ մօտ, շրջապատուած մեր անթիւ նահատակներով եւ սուրբերով, գլխաւորութեամբ մեր երկնային մօր՝ Սուրբ Կոյս Աստուածածնին: Այս է պարգեւը որ Յիսուս պատրաստած է մեզմէ ամէն մէկուն համար իր փառաւոր Յարութեամբ. ամէն:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց

Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի

 

                                                                                              † Ներսէս Պետրոս ժԹ.

                                                                                              Կաթողիկոս Պատրիարք

                                                                                              Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.