2015-04-04 09:28:00

«Ցեղասպանութեան տարիներուն մերձաւոր արեւելքի Հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը»։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դահլիճին մէջ Ապրիլ 7-ին, ժամը 12:00-ին պիտի մեկնարկէ «Ցեղասպանութեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը (հասցէն` ք. Վաղարշապատ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան):

Գիտաժողովը պիտի կայանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հովանիի ներքոյ՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամին աջակցութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Պիտի ընթերցուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեան ուղերձները:

Գիտաժողովի մասնակիցները պիտի ողջունեն Հայ Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը եւ ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը:

Գիտաժողովի մասնակիցները եւ հիւրերը նիստէն առաջ պիտի մասնակցին Սուրբ պատարագին:








All the contents on this site are copyrighted ©.