2015-04-03 10:52:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Քոլոմպիայի ժողովուրդին


Աւագ շաբթուայ առթիւ, Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փարոլին, հինգշաբթի, 2 ապրիլին, յանուն Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի քաջալերանքի նամակ  մը յղեց Քոլոմպիայի ժողովուրդին։

՝՝Շարունակել  արդարութեան , եղբայրակցութեան , աջակցութեան եւ երկխօսութեան աշխատանքները, որոնք հիմքն են վերանորոգ ընկերութեան հաստատումին՝՝։Այս եղաւ  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քաջալերանքի  պատգամին առանցքը` ուղղուած Քողոլպիայի եպիսկոպոսաց դասին եւ հաւատացեալներուն։

 Ֆրանչիսկոս Պապ Քոլոմպիայի ժողովուդին  կը յորդորէ  չի յուսալքուիլ դժուարութիւններուն դիմաց եւ շարունակել աշխատիլ արդարութեան , ճշմարտութեան ի նպաստ։ Այս ուղղութեամբ հարկաւոր է Եկեղեցին վերածել  ամոքումի  եւ կորսուած մարդկային արժանիքներու վերագտնումի վայր,  ուր՝ ապաշխարանքի եւ զղջումի միջոցաւ ՝ վերջ գտնեն բռնութիւնները։

Կարդինալ Փարոլինի Քոլոմպիացիներուն ուղղած նամակը եզրափակուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Չինքունքուիրա Տիրամօր աղօթքով որպէսզի Տիրամայրը քաջալերէ եւ յոյս ներշնչէ Քոլոմպիայի ժողովուրդին ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.