2015-04-03 12:12:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Վերջին Ընթրիքի պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Վերջին Ընթրիքի պատարագը  մատուցեց Հռոմի Rebibbia բանտին մէջ, ան նաեւ կատարեց ոտնլուայի արարողութիւնը որուն ընթացքին ոտքերը  լուաց` 5 ազգերու պատկանող 12 բանտարկեալներու։

Ամէն տարի ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Վերջին Ընթրիքի պատարագը կը մատուցէ Վատիկանէն դուրս, այս տարի Վերջին Ընթրիքի պատարագը եւ ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց –ինչպէս ըսինք- Հռոմի Rebibbia հսկայ բանտին մէջ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ , Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Քրիստոսի անսահման սիրոյ մասին։  Անպատրաստից հայրական խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Քրիստոսի սէրը յուսախաբ չի թողուր, Ան համակ սէր է, միշտ պատրաստ՝ ներելու եւ ողջագուրելու մեզ։ Սրբազան Հայրը ապա վերակոչեց Յիսուսի իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու դէպքը ըսելով. Տէրը լրիւ կը լուայ մեզ, կը մաքրագործէ ու զգալի կը դարձնէ իր սէրը մեզի հանդէպ։ Ես եւս, բացականչեց Քահանայապետը, պէտք ունիմ ´´Քրիստոսէն լուացուելու՝՝ ։

Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս քահանայապետը, Քրիստոսի նման ծունկի կեցաւ 12 բանտարկեալներու առջեւ, այր թէ կին` 6 իտալացի, 2 նիճերիացի, 2 գոնկոլացի, մէկ էքուտորացի եւ մէկ պրազիլցի, լուաց եւ պագնեց անոնց ոտքերը, իւրաքանչիւրին սիրալիր ակնարկ մը ուղղելով։

Նախքան պատարագ մատուցանելը ''Հայր մեր'' կոչուած մատրան մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունեց դուրսը մնացող բազմաթիւ բանտարկեալները, ոմանց հետ համբուրուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար։ Նշենք որ Rebibbia բանտին մէջ կան 2100 կալանուածներ, որոնցմէ 350ը կին են։

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 27 դեկտեմբեր 1983-ին այցելած էր Rebibbia բանտը եւ  առանձնական 20 վայրկեան տեւող խօսակցութիւն ունեցած էր թուրք Ալի Ակչա-ին հետ, որ մահափորձ մը կատարած էր իր դէմ  մայիս 1981-ին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դեկտեմբեր 2011-ին այցելեց Rebibbia բանտը. յատկանշուած յուզումնալից երկխօսութեամբ 7 բանտարկեալներու հետ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր նախորդներու նման բազմաթիւ այցելութիւններ կատարած է բանտարկեալներու ըլլայ Հռոմ եւ վերջերս Նափոլի 21 մարտին կատարած այցելութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.