2015-04-03 10:05:00

Պոլսոյ մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւն


Պոլսոյ ոստիկանութեան հակաահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը երէկ կանուխ առաւօտուն շղթայազերծեց արշաւ մը` միատեղ խուզարկելով բազմաթիւ հասցէներ եւ ձերբակալելով բազմաթիւ անհատներ, որոնք կը կարծուին կապեր ունենալ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատին հետ:

Արշաւը շղթայազերծուեցաւ արգիլեալ շարժումի զինեալներուն կողմէ երեքշաբթի օր դատախազ մը Պոլսոյ դատարանին մէջ գտնուող իր գրասենեակին մէջ պատանդ բռնելու եւ շարժումի անդամ զինեալ կնկայ մը` Էլիֆ Սուլթան Խալսենի կողմէ Պոլսոյ ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին դէմ յարձակումի դէպքերէն ետք:

Դատախազ Մեհմեթ Սելիմ Քիրազ հետաքննութիւն կը կատարէր 15-ամեայ Պերքին Էլվանի սպանութեան շուրջ: Վերջինս Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն ընթացքին արցունքաբեր ռումբի պայթումէն վիրաւորուելէ ետք` մարտ 2014-ին մահացած էր:

Ոստիկանութիւնը խուզարկութիւնները կատարեց Էլվանի բնակած թաղամասին` Օքմէյտանի մէջ:

Այլ գործողութիւն մը կատարուեցաւ հիւսիսային Քարապէօյիւք նահանգին մէջ, ուր երեք հասցէներու խուզարկութեան իբրեւ արդիւնք 10 անձեր ձերբակալուեցան:

Չորեքշաբթի օր 30 ուրիշներ ձերբակալուած էին  Անթալիա, Իզմիր եւ Էսքիշեհիր նահանգներուն մէջ ոստիկանութեան շղթայազերծած արշաւին ընթացքին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.