2015-04-03 10:00:00

Իրանի եւ վեցեակին միջեւ «ընդհանուր գիծեր»-ու շուրջ համաձայնութիւն


Լոզանի մէջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ 8 օր տեւողութեամբ բանակցութիւններէ ետք, երէկ կողմերը յաջողեցան Իրանի հիւլէական ծրագիրին ապագայ կերպարանքին առնչութեամբ ընդհանուր գիծերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել: Կը նախատեսուի, որ համապարփակ համաձայնութիւնը ստորագրուի 30 յունիսին:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Իրանի իւրանիոմի «հարստացման կարողութիւնն ու պահեստները պիտի սահմանափակուին»: Ան ըսաւ, որ «վճռական քայլ» մը իրագործուած է:

Մոկերինի ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի ջնջէ Իրանի դէմ իր հաստատած բոլոր պատժամիջոցները, իսկ Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ պիտի չհաստատեն: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ ելեւմտական պատժամիջոցներուն վերջ պիտի տան: Ան ընդգծեց. «Իրան պիտի շարունակէ իր հիւլէական խաղաղ ծրագիրը»: «ՄԱԿ նոր հաղորդագրութեամբ մը Իրանի դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի յայտարարէ, եւ այդ ուղղութեամբ պիտի գոյանայ աչքառու համաձայնութիւն մը», ըսաւ Զարիֆ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց. «Լուծումները գտանք, պատրաստ ենք անմիջապէս սկսելու բանաձեւումին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Մեծ օր… շուտով կը վերադառնանք աշխատելու վերջնական համաձայնութեան վրայ»: Ան համաձայնութիւնը «հոյակապ» նկատեց:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ բանակցութեանց ընթացքին հիմնական արժեչափերուն շուրջ լուծումներ գոյացած են` նշելով, որ համաձայնութեան բանաձեւումը պիտի կատարուի մինչեւ 30 յունիս:








All the contents on this site are copyrighted ©.