2015-04-03 10:03:00

Երուսաղէմի եկեղեցիները կը դատապարտեն կրօնական բռնութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Երկրի  եկեղեցիները խորապէս տխուր են գործադրուած բռնութիւններու հետեւանքով, անոնք կը մատնանշեն որ  այդ բռնութիւնները յաճախ կը կատարուին յանուն Աստուծոյ։

Ճշմարիտ ոչ մէկ կրօնք կարող է բռնութիւնը օրհնել կը հաստատեն  Երուսաղէմի քրիստոնեայ կրօնապետերը իրենց ուղղած պատգամին մէջ Քրիստոսի ս. Յարութեան տօնին առիթով։ Անոնք կը դատապարտեն  իսլամ պետութեան  ահաբեկիչներու բարբարոսական վարուելակերպը եւ կը յիշեցնեն որ Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կը գտնուին քրիստոնեայ ամենահին հասարակութիւնները, որոնք այսօր թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներու։

Երուսաղէմի եկեղեցապետերը կը քաջալերեն իրենց հաւատացեալները կառչած մնալու իրենց քրիստոնէական հաւատքին, հաստատելով թէ Աստուծոյ խաղաղութեան, սիրոյ ու արդարութեան թագաւորութիւնը պիտի յաղթահարէ։ 

 

''Քրիստոսի Յարութեան ուրախութեան աւետիսը  մեզի կ՛երաշխաւորէ  որ վերջին խօսքը չի պատկանիր բռնութեան ու տմարդութեան այլ Սիրոյ, արդարութեան եւ Յոյսի'' կը գրեն Երուսաղէմի Քրիստոնեայ կրօնապետերը ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.