2015-04-02 11:49:00

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եղաւ կեանքի օրհներգ մը նոյնիսկ ցաւի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին, 10 տարի առաջ,  անձամբ տեղեկացուց, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մահը, ս. Պետրոս հրապարակէն  ըսելով. ‘’Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ժամը 21.37-ին, մեր սիրեցեալ Սրբազան Հայրը` Յովհաննէս Պօղոս Բ մեկնեցաւ Հօր Աստուծոյ տունը, իրեն համար աղօթենք’’։

Նշենք որ կարդինալ Սանտրին բազմաթիւ տարիներու ընթացքին եղաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ամենէն սերտ գործակիցներէն մին։

Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը ոգեկոչելով յիշատակը ս. Քահանայապետին ըսաւ. Ան եղաւ հովիւ մը շատ մօտ իր հօտին։ Իր կեանքին վերջին տարիներուն, երբ իր առողջութիւնը մշտատեւ կը վատթարանար, անոր միշտ կ՛ընկերանայի, մասնաւորապէս իր վերջին ուխտագնացութեան ընթացքին դէպի Լուրտի մարեմեայն սրբավայրը։ Անոր յիշատակը միշտ վառ պահած եմ սրտիս ու մտքիս մէջ։ Հարկաւոր է յիշել անոր մեծ անձնաւորութիւնը մտաւորական, վարդապետական ու հովուական գետնի վրայ։ Ան իր բոլոր կարողութիւնները ի սպաս դրաւ բարեփոխելու աշխարհը ու խրախուսեց հաւատացեալներն ու ընտանիքները յարելու Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումին, որ է սիրոյ, արդարութեան, ազատութեան ու զօրակցութեան ուսուցում։

Համոզուած եմ որ ս. Քահանայապետին այս ուսուցումը Եկեղեցւոյ մէջ իրականութիւն դարձաւ յանձինս ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։ Վոյթիլա Քահանայապետին քաջութիւնը – իր մահէն 10 տարի ետք - կարելի է վերապրիլ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի արտակարգ յիշատակներով, ինչպէս միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններու ընդմէջէն։ Բազմաթիւ ազգեր անհուն գորովով ու երախտագիտութեամբ կը յիշեն ս. Քահանայապետը։ Անոր յիշատակը ողջ է ու թարմ անհամար մարդոց սրտի ու մտքին մէջ։ Անոր կեանքը համախոհ էր իր մտածումներուն, ապրումներուն, ուսուցումներուն։

Կը յիշեմ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար` կարդինալ Ակոսթինօ Քազարոլիի  խօսքը Քարոլ Վոյթիլայի քահանայապետ ընտրութեան առթիւ. ‘’կարդինալները ընտրելով Վոյթիլան մեծ քաջութիւն ցոյց  տուին’’։ Նորընտիր Քահանայապետը արդարեւ ս. Պետրոսի հրապարակը արտասանած իր առաջին քարոզին մէջ  համայն աշխարհին հրաւէր ուղղեց ''բանալու դռները Քրիստոսին''։ Երեք տարի ետք ան մահափորձի ենթարկուեցաւ ու սակայն գիտցաւ դիմագրաւել մարմնին տառապանքն ու ցաւը մեծ արիութեամբ ու վեհութեամբ։ Ան մեզի ապացուցեց  որ ցաւը աշխարհի փրկութիւնն է։ Իր այս կեցուածքով ու համակերպութեամբ վկայութիւն տուաւ որ մեր փրկութիւնը Յիսուս Քրիստոսի մէջ է։

Անոր կեանքի վկայութիւնը եղաւ կեանքի օրհներգ մը  - յայտնեց կարդինալ Սանտրին մատնանշելով թէ ‘’Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ժառանգութիւնը  օրհներգ մըն է նոյնինքն կեանքի։ Վստահաբար այս եղաւ մեզի թողած անոր կտակը։ Ան մեզի ապացուցեց կեանքի արժանաւորութիւնը, քրիստոնեայ մը, որ Քրիստոսի կը հաւատայ կարող է հասնիլ վեհագոյն գագաթներուն։ Ան այս ճշմարտութիւնը մեզի թողուց եւ ցոյց տուաւ որ Աստուած կը գործէ մեր միջոցաւ։ Բազմաթիւ այլ դէպքեր կարող եմ վերակոչել, ըսաւ կարդինալ Սանտրին իր խօսքը եզրափակելով, ինչպէս համայնավարութեան փլուզումը, երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը, շրջաբերական արժէքաւոր թուղթերը, եկեղեցական մեծ նախաձեռնութիւնները … ի վերջոյ` այն ինչ որ ի յայտ կու գայ, ամենէն առաջ ու գլխաւորապէս` անոր կեանքն է, ճշմարիտ կեանք մը, կեանք մը որ միշտ մնաց համախոհ Աստուծոյ վրայ ունեցած իր հաւատքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.