2015-04-02 10:59:00

Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է յիշել այսօրուայ հալածուած քրիստոնեաները։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ` Paul Gallagher` Ս. Աթոռի արտաքին գործոց նախարարը, ընդառաջելով Sant’Egidio հասարակութեան հրաւէրին, պատարագ մատուցեց Santa Maria in Trastevere կոչուած պազիլիքայի մէջ այսօրուայ նահատակ ու  հալածուած քրիստոնեաներու դիտաւորութեան համար։

Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Ան ըսաւ թէ մարտիրոսը այն է որ իր արիւնը կը թափէ Աստուծոյ սիրոյն համար, անիկա զոհ մըն է։ 

 Ով որ կը սպանէ յանուն Աստուծոյ մոլորած մըն է։ Ահաբեկչութեան ու կրօնական անհանդուրժողութեան զոհերը եղբայրներ ու քոյրեր են  Քրիստոսի մէջ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զանոնք որակած է արեան համամիութիւն։

Միջին Արեւելքի եւ այլուր սպաննուած քրիստոնեաները, որ համայնքի ու դաւանանքի ալ որ պատկանին  կը մնան Քրիստոսի սիրոյն նահատակները, որոնք աներկիւղ Քրիստոսի ետեւէն քալեցին եւ նախընտրեցին մահը քան ուրանալ իրենց Տէրը` Յիսուս Քրիստոսը։ Մենք գիտակից ենք որ դժբախտաբար աշխարհի չորս ծագերուն մէջ կան հալածուած քրիստոնեաներ, հարկաւոր է յիշել այս ճշմարտութիւնը, մենք որ խաղաղօրէն կ’ապրինք Արեւմուտքի մէջ,  պէտք ենք ոգեկոչել զանոնք ու աղօթել անոնց համար։ Նոյնիսկ մահմետականները զոհ են ատելութեան եւ ոխակալութեան, ինչպէս կը վկայեն մզկիթներու դէմ կատարուած մահափորձերը։ Բոլոր փոքրամասնութիւնները վտանգի մէջ են ու թիրախ մոլեռանդ ծայրայեղականներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.