2015-04-01 09:28:00

Վատիկանի մէկ պատուիրակութիւնը Իրաքի մէջ յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ ֆիլոնի` կառավարիչը Ժողովուրդներու աւետարանացումի ժողովի ներկայիս այցելութիւն կը կատարէ Իրաքի։ Նախապէս Պաղտատ այցելեց գերապայծառ Segundo Tejado Munoz` փոխ քարտուղարը Քոր Ունում - Մէկ Սիրտ Վատիկանի բարեսիրական մարմնին, որ փախստականներուն հաղորդեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հոգատարութիւնը։   

Գերապայծառ Tejado Munoz պատասխանելով Ռատիովատիկանի հարցումներուն ըսաւ. Մեր այցելութեան նպատակը եղաւ հանդիպիլ ու տեսակցիլ քրիստոնեայ փախստականներուն հետ հաղորդելու անոնց Սրբազան Քահանայապետին սէրն ու զօրակցութիւնը։ Յայտնենք որ Վատիկանի բարեսիրական մարմինը յատկապէս կը զբաղուի նոր սերունդի դաստիարակութեամբ, տուներու վերակառուցումով ու աշխատանք հայթայթելով գործազուրկ  երիտասարդներուն։ Փախստականներու իրավիճակը, ըսաւ գերապայծառ Segundo Tejado Munoz, իրապէս ցաւալի է­, ականատես եղանք անոնց ահեղ տառապանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.