2015-04-01 10:42:00

Պոլսոյ մէջ զինեալներ պատանդ բռնած են դատախազ մը


«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ ծայրայեղ ձախակողմեան Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատ խմբաւորման անդամ զինեալներ ներխուժած են Պոլսոյ Չաղլայան դատարանը եւ պատանդ բռնած Մեհմեթ Սելիմ Քիրազը: Անոնք աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակած են պատանդին լուսանկարը` գլխուն ատրճանակ մը դրուած:

Դատախազը կը քննէր Պոլսոյ Կեզի հանրապարտէզի բողոքի ցոյցերուն ընթացքին վիրաւորուած ալեւի պատանի Պերքին Էլվանի սպանութեան գործը: 14 տարեկան Էլվին վիրաւորուած էր արցունքաբեր կազի ռումբի պայթումէն` Կեզի հանրապարտէզին մօտ, եւ մահացած էր ամիսներ ետք` հիւանդանոցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.