2015-04-01 10:38:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ծաղրանքը ոմանք կը շփոթեն կապկելուն հետ: Սակայն այս երկուքը տարբեր մօտեցումներ են միեւնոյն անձին, դէպքին կամ երեւոյթին ուղղուած: Մինչ երկրորդը յատուկ շնորհք կը պահանջէ, որովհետեւ թատերական մասնաւոր ձիրք ունեցող դերասաններու մասնագիտութեան մաս կը կազմէ, առաջինը սակայն, անարգանքի, արհամարհանքի, երբեմն անտեսումի ու անպատուումի քաղաքականութիւն է, զոր կը կիրարկեն տկար մարդիկ:
Սովորական կեանքի մէջ երեւցող ծաղրանքը պէտք է նաեւ տարբերել բեմերու վրայ դերակատար ծաղրածուներու կիրարկած ծաղրանքէն: Անոնց կատարածները երբեմն մնջախաղեր են, շատ անգամ բացագանչութիւններով հանդիսատեսին ուշադրութիւնը հրաւիրելու փորձեր, կամ ծիծաղաշարժ ձեւեր, որոնք անպայման մարդկային կեանքէն քաղուած պատկերներու վրայ հիմնուած ըլլալով, սուր քննադատութիւններու միջոցով բարոյական դասեր կը փոխանցեն ներկաներուն: Խորհելու, խօսելու եւ գործելու միջոցաւ, ծաղրածուն կը փորձէ խոշորացոյցի տակ բերել մարդկային առօրեայ թերութիւններ, որոնք երբեմն մեքենականօրէն կատարուող շարժումներ ըլլալով, կը վրիպին մեր ուշադրութենէն:
Կապկումը եւս պէտք է տարբերել ընդօրինակելէն: Ոմանք այս երկու արարքները իրարու հետ կը շփոթեն յաճախ: Մինչ առաջինը դերասանական մասնագիտութիւն կը պահանջէ, եւ նոյնիսկ աւելի քան սովորական դերասանական շնորհք, սակայն երկրորդը ուղղակի օրինակումն է ուրիշին ըրածին: Այս պարագային երգիծական մօտեցում չկայ, ո՛չ ալ ծիծաղ պատճառելու յատուկ առիթ: Այլ՝ տուեալ ենթական սեփական իր կարողութեանց անտեղեակ եւ կամ ինքնավստահութեան պակաս ունենալով, նոյնիսկ իր անձնական գործերուն համար կը նախընտրէ ուրիշին ըրածը ընդօրինակել: Պատասխանատուութենէ խուսափելու սովորական մօտեցումէ աւելի, անխելքութիւն կը նշմարուի նման մարդոց վարքին մէջ: Անհատականութեան պակասը, ինչպէս նաեւ սխալելու մնայուն վախը, այս տեսակ մարդիկը կը մղեն ուրիշին կատարած բոլոր շարժումները ընդօրինակելու:
Դպրոցներու մէջ մանկավարժներ առաջին դասարաններէն սկսեալ կը հետեւին աշակերտներուն, որպէսզի իրարմէ ընդօրինակութիւններ չընեն: Այլապէս նոյնիսկ համալսարանական ուսման ընթացքին զանազան գիրքերէ ընդօրինակութիւն պիտի կատարեն ապագային ու շատ «սուղ գին» պիտի վճարեն իրենց կատարած բանագողութեան այդ անպարկեշտ արարքին համար:
Երրորդ նիւթը, զոր այս գրութեամբ պիտի շօշափենք, ծաղրելու երեւոյթն է: Արեւմուտքի մէջ, բարեբախտաբար քաղաքակրթութիւնը այսօր չի՛ թոյլատրեր ծաղրել խեղանդամ կամ թերաճ մարդիկը: Անոնք բոլորին յարգանքին արժանի են, ու խղճամտութեան ամէնէն ծայրայեղ միջոցներով խնամք կը տարուի անոնց: Նոյնիսկ նման անձեր, որոնք արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ դատապարտուած կ՛ըլլան իրենց տուներուն մէջ փակուած մնալու, արեւմտեան երկիրներու մէջ նոյնիսկ գործ կը գտնեն, իրենց օրապահիկը կը շահին, ու մինչեւ իսկ ամուսնանալով ընտանիք կը կազմեն: Ոմանք նաեւ բարձր պաշտօններու կը հասնին, հիմնարկութիւններ կառավարելով կամ պետական գրասենեակներու մէջ պատասխանատու դիրքեր գրաւելով:
Այսպիսիներու նկատմամբ ծաղրանքը դեռ կը յամենայ արեւելեան երկիրներու մէջ: Օրինակ, կաղ մէկուն քալելու ձեւը ծաղրող մարդու շատ կարելի է հանդիպիլ, ըլլայ ան մեզի ծանօթ կամ անծանօթ անձ մը: Երբեմն, ծանօթ ըլլալու պարագային, երբ մանաւանդ սիրուած անձ չէ ենթական, հակառակ իր ֆիզիքական թերութեան, դարձեալ խղճահարութեան զգացում չ՛արթնցներ զինք տեսնողներուն մօտ, եւ անոնցմէ մէկը յանկարծ կը սկսի անոր խեչափառի նման քալելու ձեւը ներկայացնելու թատերական ծաղրանքով:
Անոր այս արարքը դիտողները կարելի է երկու խումբի բաժնել. ա. Խորհողներ, բ. Խօսողներ:
Խորհողները, ինչպէս բառն ալ կը բացայայտէ, անոր կատարած արարքին մասին մտածողներն են: Ասոնք ամէն բանէ առաջ դատողութեան բարձր կարողութեամբ օժտուած մարդիկ են, որոնք բնակաբար խղճամիտ մօտեցում կը ցուցաբերեն որեւէ հարցի գծով: Արդար դատողութիւնը խիղճով կը յառաջանայ ու ճշգրիտ հաշիւներով փոխ-յարաբերութիւններ կը սահմանէ մարդոց միջեւ:
Երկրորդ խումբի մարդիկ՝ խօսողները, ուղղակի միջամտութիւն կատարողներն են, որոնք պահուան ազդեցութեան տակ կրնան իրենց տեսակէտը փոփոխութեան ենթարկել: Օրինակ, այս պարագային, եթէ ծաղրողը յայտնէ, թէ ծաղրուող անձը վատ մէկն է, խօսողները կրնան միանալ ծաղրողին, ու նոյնիսկ իրենց չի՛ ճանչցած մարդուն մասին ծաղրական նոր ելոյթներ հնարել ու արտասանել: Սրամիտ ու պատրաստաբան, խելացի մարդիկ են ասոնք, սակայն դժբախտաբար պահուան կացութիւնը մեծ ազդեցութիւն կրնայ գործել իրենց վրայ:
Արդարամիտ ու չափաւորական ծաղրողի կարելի չէ՛ հանդիպիլ: Նման ծաղրող գոյութիւն չունի: Ծաղրողը միշտ տգէտ ու տկար անձաւորութեան տէր մարդ է, որուն միակ զէնքը ծաղրանքն է: Ծաղրողը կարելի է նմանցնել այն կենդանիներուն, որոնք պաշտպանուելու մէկ հնարաւորութիւն ունին: Օրինակ՝ այծը իր կոտոշը ունի, կարիճը՝ իր խայթոցը, ոզնին՝ իր փուշը, եւ այլն:
Այս տկարն ու տգէտը մնայուն փնտռտուքի մէջ կ՛ըլլայ, թէ որո՞ւն պիտի ծաղրէ, որովհետեւ իր գոյութեան իմաստը ատոր մէջ կը տեսնէ: Նաեւ ծաղրանքով ան կը կարծէ պաշտպանուած ըլլալ: Ծաղրողը դաստիարակելու ձեւը շատեր կը կարծեն զինք ծաղրելն է: Սակայն այդ ալ մասնաւոր արդիւնք չի՛ տար, որովհետեւ ան աւելի՛ կը քաջալերուի ծաղրելու նոր անձեր փնտռելու իր տգէտ ձգտումին մէջ: Այս տեսակ մարդիկ նոյնիսկ մէկուն խօսած պահուն զայն ծաղրելով, կը կարծեն յաջողած ըլլալ զայն վարկաբեկելու մէջ: Սակայն, շրջապատը երբեք չ՛արդարացներ ծաղրողը, որովհետեւ լրջութեան այդ պահուն, ան կը վերածուի իսկական միմոսի, որուն խօսքն ու արարքները միայն ծիծաղ կը պատճառեն շուրջը գտնուողներուն:
Ծաղրողը դիտելով, իմաստուն մարդը կը խորհի կատարուածին մասին եւ անպայման ձեւ մը կը փնտռէ կացութիւնը մեղմացնելու եւ ծաղրուողը փրկելու համար: Խօսողներուն դիրքը ճշդեցինք արդէն, ըսելով թէ անոնք պահուան կը յարմարին: Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել ծաղրողներուն մասին: Աստուածաշունչը երանի՜ կու տայ անոնց, որոնք ծաղրողներու նստած տեղը չեն նստիր (Հմմտ Սղ 1.1):

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.