2015-03-31 09:28:00

Հռոմի մէջ Նոր մարտիրոսներու յիշատակի ոգեկոչում։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալական ''Sant'Egidio'' հասարակութիւնը այս տարի եւս կազմակերպած է` Աւետարանին ի սպաս իրենց կեանքը զոհած նոր մարտիրոսներու յիշատակի ոգեկոչման երեկոյթ մը։  Հասարակութիւնը արդարեւ ամէն տարի­, Աւագ Շաբաթուան ընթացքին, S. Maria in Trastevere պազիլիքայի մէջ, սովոր է ոգեկոչել յիշատակը նոր մարտիրոսներուն,։ Երեքշաբթի 31 մարտ 2015-ի երեկոյեան, Գերապայծառ Paul Richard Gallagher` Ս. Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղարը, կը հանդիսապետէ ծիսակատարութեան, ոգեկոչելով յիշատակը այն քրիստոնեաներուն որոնք աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կրեցին  հալածանք, խտրականութիւն, կրօնական ազատութեան զրկանք եւ նոյնիսկ նահատակութիւն։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ’ըսէ. այսօր` 21-րդ դարուն, քրիստոնեայ Եկեղեցին  մարտիրոսներու Եկեղեցի է, մասնաւորապէս Փաքիստանի, Նիճերիոյ եւ Միջին Արեւելքին մէջ եւ այլուր։ Քրիստոնեաները կը հալածուին ու կը նահատակուին պարզապէս որովհետեւ խաղաղարարներ են եւ Եկեղեցի կը յաճախեն։ Ծայրայեղները անոնց եկեղեցիներն ու դպրոցները կը կործանեն, որովհետեւ նոր սերունդին բարի կրթութիւն կու տան։

21-րդ դարու քրիստոնէական հաւատքի վկաները կը հալածուին որովհետեւ կը մերժեն չարը կատարել։ Անոնք ճշմարիտ հետեւորդներն են առաջին դարերու քրիստոնեաներուն։ Այս պատճառաւ Sant'Egidio հասարակութիւնը անոնց յիշատակը կ՛ ոգեկոչէ  համամիութենական աղօթքով մը, որուն հրաւիրուած են քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու եկեղեցական թէ աշխարհական բոլոր ներկայացուցիչները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.