(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները
որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ
կրող բնաբաններով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր
կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։
2015-ի Ապրիլ ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի մարդիկը սորվին յարգել արարչութիւնը
ու զայն պահպանեն որպէս Աստուծոյ պարգեւ''։
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի հալածուած քրիստոնեաները զգան
Յարուցեալ Տիրոջ մխիթարիչ ներկայութիւնը եւ համայն Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը''։
All the contents on this site are copyrighted ©. |