2015-03-30 10:25:00

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան մրցանք


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Հրանդ Տինք» միջդպրոցական շարադրութեան մրցանքի նշանակի տուչութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ` ներկայութեամբ մրցանքին մասնակից 15 վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բարեկամներուն: Այս առիթով հիւրաբար հրաւիրուած էր նահատակ Հրանդ Տինքի փաստաբան, «Մեծ մայրիկս» գիրքի հեղինակ Ֆեթհիյէ Չեթին:

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով Նայրա Պաղտասարեան ողջունեց ներկաները` ներկայացնելով յայտագիրին գլխաւոր կէտերը: Նշելով  մրցանքի հինգերորդ տարուան այս ձեռնարկին նպատակն ու առնչակից մանրամասնութիւնները` ան ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է` վառ պահել Հրանդ Տինքի յիշատակը, ինչպէս նաեւ` հայկական վարժարաններուն միջեւ ստեղծել հայերէն գրելու առողջ մրցակցութեան մթնոլորտ: «Այս տարի 100-րդ տարելիցն է Հայոց ցեղասպանութեան, որուն ճանաչման համար պայքարեցաւ եւ կը շարունակէ պայքարիլ հայ ժողովուրդը, այս պայքարի յաջողութեան համար իւրաքանչիւր հայ կը կատարէ իր պարտքը` տարբեր միջոցներով եւ զանազան պարագաներու մէջ, իսկ ոմանք ալ կ՛երթան մինչեւ գերագոյն զոհաբերութիւն, ինչպէս եղաւ Հրանդ Տինքի պարագան», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Մեր պահանջատիրութիւնը կանգ պիտի չառնէ, որովհետեւ Տինքին արեան կաթիլներուն հետքերով նոր Տինքեր պիտի ծնին եւ պիտի շարունակեն փշոտ ճամբան»:

Սեդա Խտըշեան հարազատ ձեւով ներկայացուց օրուան հիւր բանախօս Ֆեթհիյէ Չեթինի գաղափարական արեւելումի յեղաշրջման պայմանները, երբ անոր մեծ մայրը` Հրանուշ ի վերջոյ կը բացայայտէ իր հայկական ծագումը եւ թրքացման պայմանները: Մեծ մօր ուշ, բայց յուզիչ այս յայտնութիւնը հիմնովին կը յեղաշրջէ «մինչ այդ իբրեւ հպարտ ազգայնական մահմետական թուրք ապրող երիտասարդ իրաւաբանին համոզումները»: Թրքական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ոչինչ կը նշուէր հայոց կոտորածներուն մասին: Փետրուար 2000 թուականին Ֆեթհիյէ Չեթին իր այդ ապրումները պատմութեան կը յանձնէ` գրելով «Մեծ մայրիկս» խորագրեալ գիրքը: Խտըշեան տպաւորիչ ոճով մէջբերեց հատուածներ Ֆեթհիյէ Չեթինի մեծ մօր` Հրանուշի ապրած ոդիսականին նկարագրութենէն` դիտել տալով, որ հակառակ իր ճիգերուն, Հրանուշ մայրիկը երբեք չկրցաւ միանալ իր հարազատներուն: Ան կը ծնի հայ եւ կը թաղուի մահմետական: «Ֆեթհիյէ Չեթին այս գիրքը գրած է նախ ինքնիրեն հետ հաշտուելու, իր անցեալին հետ առերեսուելու համար եւ դիւրացնելու համար հաշտութեան ընթացքը», ընդգծեց Խտըշեան` յիշեցնելով, որ «Մեծ մայրիկս» գիրքը այսօր թրքական «Սապանճի» եւ «Պողազիչի» համալսարաններուն մէջ պարտադիր ընթերցանութեան գիրքերու շարքին է: Խտըշեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին, այս ձեռնարկի իրագործման մէջ անոր բերած նպաստին համար:

Խօսք առաւ նաեւ Ֆեթհիյէ Չեթին: Ան արտայայտուեցաւ թրքերէնով եւ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան հայերէնի թարգմանեց անոր խօսքերը: Չեթին խօսեցաւ Տինքի նահատակութեան տուն տուած պայմաններուն եւ անոր առաքելութեան` թրքահայութեան մօտ ազգային ինքնութեան նոր զարթօնքի բացայայտման գծով` նշելով, որ այսօր կարելի է ըսել «Հրանդ Տինքէն առաջ եւ անկէ ետք»: «Հրանդ Տինք հո՛ս ալ կ՛ապրի, Հրանդ Տինք ամէն տեղ կ՛ապրի», ընդգծեց ան` խոր ցաւ յայտնելով Տինքի բացակայութեան համար: «Տինքը սպաննողները անոր գաղափարները ջնջել կարծեցին, բայց հազարաւոր նոր Հրանդ Տինքեր ստեղծեցին», ընդգծեց Չեթին` բացայայտելով Տինքի խիզախ դերը Հայոց ցեղասպանութեան գծով թրքական թապուներու աստիճանական վերացման մէջ: «Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը ութ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի` քողազերծելու եւ բացայայտելու համար անոր ոճրագործները, հակառակ այս դատի ընդմիշտ փակման պաշտօնական փորձերուն», շեշտեց Ֆեթհիյէ Չեթին: Իր խօսքի աւարտին ան լսեց ներկաներու հարցումները եւ պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ Տինքի սպանութենէն ետք որեւէ փոփոխութիւն կա՞յ Էրտողանի քաղաքականութեան մէջ այս գծով` ան յայտնեց, թէ 2007-էն ետք, Տինքի սպանութենէն ի վեր, քաղաքական սպանութիւն տեղի չ՛ունենար Թուրքիոյ մէջ ու ներկայիս ընտրութեան շրջան է, ամէն բան կրնայ պատահիլ, բայց լուծումը այն է, որ պետութիւնը ժողովրդավար ըլլայ, բոլոր հայցերուն լուծման համար անհրաժեշտ է ժողովրդավարութեան հաստատումը:

Ապա խօսք առաւ դատական կազմի անդամ Ժիրայր Դանիէլեան, որ անդրադարձաւ մրցանքի կազմակերպման, մասնակիցներու հայերէնի բարելաւման եւ անթերի ոճին եւ այլ մանրամասնութիւններու: Ան բարձր գնահատեց հայերէնաւանդ ուսուցիչներու ճիգերը այս ուղղութեամբ:

Իր կարգին, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ փոխանցեց իր սրտի խօսքը` ընդգծելով, որ «ազգային հերոս, նահատակ Հրանդ Տինք մեզ հոս համախմբեց»: Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց բոոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս ձեռնարկի յաջողութեան եւ յատկապէս` իրաւաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանին:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ կարճատեւ վաւերագրական տեսերիզ մը, ուր կային մէջբերումներ նահատակ Հրանդ Տինքի խօսքերու հատուածներէն: Ներկայացուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ մրցանակակիր Շուշան Քէշիշեան, Հրանդ Տինքի յիշատակին անջատ երգերով ելոյթ ունեցան մեսրոպեանականներ Կարինէ Ներսէսեան եւ Գոգօ Գարատըլեան:

Աւարտին դատական կազմի անդամներ Ժիրայր Դանիէլեան եւ Սարգիս Նաճարեան, Ֆեթհիյէ Չեթին, Սեդա Խտըշեան, Կրեկուար Գալուստ եւ հայր Ղազար Պետրոսեան նշանակներ յանձնեցին մրցանքին մասնակից 39 աշակերտներուն եւ ապա յայտարարեցին մրցանակակիր աշակերտները, հետեւեալ դասաւորումով.

– Ա. մրցանակ` Շանթ Ատաճեան, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպեան վարժարանէն,

– Բ. մրցանակ` Սէրլի Կարապետեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն,

– Գ. մրցանակ` Լորի Գորէսեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն:

Իսկ բացառաբար այս տարի յիշատակութեան արժանացան 2 աշակերտներ` Թամար Կանիմեան` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանէն եւ Հերա Տէտէեան` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.