2015-03-29 10:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Ծաղկազարդի տօնակատարութեան արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 29 Մարտ 2015-ին, Ծաղկազարդ է։ Այսօր կը նշուի նաեւ ` Երիտասարդներու համաշխարհային 30-րդ օրը, որուն բնաբանն է ` ''Երանի՜ անոնց որ սրտով սուրբ են, որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 9.30ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, օրհնեց արմաւենիի ու ձիթենիի ճիւղերը, որոնք այս տարի նուիրուած են, հրապարակը զարդարող ծաղիկներու եւ բոյսերու հետ միասին` Նէոքաթեքումենալ շարժումէն, Իտալիոյ Փուլիա նահանգէն եւ Իտալիոյ Սան Ռէմոյի քաղաքապետարանէն։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ թափօրով, ապա տեղի ունեցաւ արմաւենիներու եւ ձիթենեաց ճիւղերու օրհնութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի կեդրոնը զետեղուած ամպիոնի վրայ, հուսկ կղերական դասը թափօրով ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոս տաճարի մուտքին զետեղուած խորանը` ուր Ֆրանչիսկոս Պապը մատուցեց Սուրբ Պատարագի զոհը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները անդրադարձաւ Փիլիպպիցիներու թուղթին մէջ գրուած ''Յիսուս ինքզինք խոնարհեցուց''  նախադասութեան, յայտնելով թէ այս մէկը` խոնարհութիւնը,  կը մատնանշէ Աստուծոյ եւ քրիստոնեային ոճը որ երբեք պիտի չդադրի մեզ զարմացնելէ, որովհետեւ երբեք չենք կրնար վարժուիլ խոնարհ Աստուծոյ մը գոյութեան։

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց աւագ սուրբ շաբթուայ ուղեւորութեան` որ մեզի կը տանի դէպի Զատիկը։  Մենք ալ պիտի քալենք այդ ճանապարհով, ըսաւ Քահանայապետը, Յիսուսի խոնարհութեան ճանապարհով, որպէսզի այդ շաբաթը սուրբ դառնայ նաեւ մեզի համար։ Ականտես պիտի ըլլանք Յիսուսի դաւաճանութեան Յուդայի ձեռքով, պիտի իմանանք ժողովուրդի պետերու արհամարհանքը Յիսուսի հանդէպ։ Պիտի տեսնենք Տէրը ձերբակալուած որպէս ոճրագործ, լքուած իր աշակերտներէն ու պիտի լսենք Պետրոսը` աշակերտներու վէմը, որ զինք պիտի ուրանայ երեք անգամ։ Պիտի տեսնենք Տէրը շրջապատուած զինուորներով, փուշէ պսակը գլխուն եւ խաչի լուծին տակ դէպի գողգոթայ տանող ճանապարհի վրայ։  Այս է ահա Աստուծոյ ճանապարհը` խոնարհութեան, նուաստացումի ճանապարհը։ Յիսուսի ճանապարհը, այլ ճանապարհ մը գոյութիւն չունի եւ այս ճանպահին  վրայ քալելով Աստուծոյ Որդին դարձաւ ծառայ` ինքզինք ունայնացնելով։

Հակառակ ճանապարհ մըն ալ կայ, որ այլընտրանք մըն է Քրիստոսի ճանապարհին` աշխարհիկ ճանապարհը` որ մեզ կը մղէ ունայնութեան, յաջողութեան եւ հպարտութեան։ Սատանան զայն ընծայեց նաեւ Յիսուսին, անապատի մէջ անցուցած քառասուն օրերու ընթացքին։ Սակայն Յիսուս զայն մերժեց առանց վարանումի։ Իր հետ մենք եւս կրնանք յաղթահարել այս փորձութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը ու քարոզը եզրափակեց մտաբերելով բոլոր անոնք որ Աւետարանի հաւատարմութեան պատճառաւ հարստահարուած են եւ արեան գնով կը վճարեն իրենց այս հաւատարմութիւնը։ Մտաբերենք – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - մեր եղբայրներն ու քոյրերը  որ հալածուած են` որովհետեւ քրիստոնեայ են, ժամանակակից մարտիրոսներ։ Անոնք չեն ուրանար Յիսուսը եւ արժանապատուութեամբ կը կրեն հեգնանքն ու հալածանքները։ Կը հետեւին Յիսուսի ճանապարհին։ Մենք եւս վճռակամութեամբ ընթանանք այդ ճանապարհով, սիրելով մեր Տէրն ու Փրկիչը, սէրն է որ մեզ կարող է առաջնորդել եւ ուժ ներշնչել որպէսզի մենք ալ գտնուինք այնտեղ ուր կը գտնուի մեր Տէրը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.