2015-03-27 09:57:00

Արեւելցի երկու կրօնաւորուհիներու սրբադասումը լուսաւոր ջահ մը պիտի հանդիսանան Միջին Արեւելքի համար։


Երուսաղէմի Լատիններու պատրիարք` Գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ­,  հովուական թուղթ մը հրատարակած է որուն մէջ կը յայտնէ որ յառաջիկայ 17 մայիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը սուրբ պիտի հռչակէ արեւելցի երկու կրօնաւորուհիներ` յանձին կրօնաւորուհի մայր Maria Alfonsinaյի եւ քոյր Maria di Gesù Crocifissoյի։ Երկու կրօնաւորուհիները զաւակներ են Ս. Երկրին։

''Անոնց սրբադասումը հաւատքի լուսաւոր ջահ մը պիտի հանդիսանայ ոչ միայն Ս. Երկրի այլեւ Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն։ Անոնց սրբակենցաղ  կեանքը օրինակ մը կը հանդիսանայ բոլորիս'' գրած է Պատրիարքը  ու հաւատացեալներէնխնդրած է դիմել երկու նոր սրբուհիներուն ու հայցել անոնց բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեր կարգին սուրբ դառնանք ու Ս. Երկրին ու Միջին Արեւելքին մէջ տիրէ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.