2015-03-27 11:12:00

2015՝ Կրօնաւորական կեանքի տարի


Կուսութեան եւ ողջախոհութեան վսեմութիւնը

Նախապէս ըսինք թէ Կրօնաւորները եւ Քրիստոսի Հարսերը ընդգրկած են կուսութեան վիճակը, նմանելու համար Փեսային Քրիստոսի, որովհետեւ այդ վիճակը Քրիստոսի համանման կը դարձնէ զանոնք: Քրիստոսի հանդէպ անոնց ունեցած վար սէրը, չէր կրնար գոհանալ միայն գորովի արտայայտութիւններով, այլ բացարձակ պէտք մը կը զգար յայտնուելու Անոր առաքինութիւններուն ընդօրինակութեամբը, եւ յատկապէս` մարդկային ազգի բարիքին եւ փրկութեան ամբողջովին նուրուած Անոր կեանքին հետեւողութեամբը: Անոնք որոնք այս կամ այն կերպով իրենց կեանքը ընծայած են Աստուծոյ ծառայութեան, կը պահեն կատարեալ ողջախոհութիւնը, որովհետեւ իրենց Երկնային Վարդապետն ալ Կոյս մնացած է մինչեւ մահ:

Կուսութեան եւ ողջախոհութեան գերազանցութիւնը, սակայն աւելի բացայայտ պիտի երեւի, եթէ նկատի առնենք անկէ յառաջ եկած բարիքներուն առատութիւնը:

Անհուն ու քաղցր ուրախութիւն մը կը պարուրէ ամբողջ Եկեղեցին, երբ կը տեսնէ նուիրեալ անձեր եւ առաքեալներ, որոնք ի սէր Քրիստոսի, կը հրաժարին ամուսնութենէն աւելի ազատ եւ կատարեալ կերպով նուիրուելու համար հոգիներու փրկութեան:

Որքան մեծ գովեստի արժանի են այն առաքեալները, որոնք հեռու են իրենց հայրենիքէն եւ ի գին իրենց առաքելութեան եւ յոգնութիւններու , կը տգնին անհաւատ եւ հեթանոսներու դարձին համար: «Ողջախոհութեան օրէնքին ուժով, քահանան, շատ հեռու ամբողջովին կորսնցնելէ հայրութիւնը, անհունօրէն զայն կ՛ընդլայնէ, որովհետեւ ան հոգեւորապէս կը ծնանի որդիներ, ոչ թէ այս աշխարհին եւ վաղանցուկ կեանքին` այլ երկնային եւ յաւիտենական կեանքին համար», կըսէ Պիոս ժբ. Պապը «  Մեր Միտքը» շրջաբերականին մէջ:

Կուսութիւնը եւ ողջախոհութիւնը արդիւնաբեր են ոչ միայն արտաքին բարեգործութիւններու մարզին մէջ, աւելի դիւրին եւ ամբողջական դարձնելով նուիրումը, այլ աւելի եւս պտղաբեր է եղբայրասիրութեան կատարելագոյն ձեւերու մէջ, ինչպէս են` եռանդուն աղօթքները եւ այն նպատակաւ` կամովին եւ վեհանձնօրէն քաշուած նեղութիւնները: Այն նպատակին նուիրած են իրենց ամբողջ կեանքը Աստուծոյ ծառաներն ու Քրիսոտսի հարսերը, եւ անոնք յատկապէս, որոնք կ՛ապրին մենաստաններու մէջ:

Քրիստոսի նուիրուած` կուսութիւնը եւ ողջախոհութիւնը, ինքնիր մէջ` երկնքնի արքայութեան նկատմամբ հաւատքի այնպիսի ներգործութիւն մըն է եւ Աստուածային Վարդապետին հանդէպ սիրոյ այնպիսի ապացոյց մըն է, որ պէտք չէ զարմանալ տեսնելու անոր արտադրած սրբութեան այնքան առատ պտուղները: Չափազանց բացմաթիւ են, կատարեալ ողջախոհութեան նուիրուած կոյսերն ու առաքեալները, որոնք իրենց կեանքի բարձր սրբութեան, Եկեղեցւոյ պատիւը կը հանդիսանան: Կուսութիւնը հոգիներուն կու տայ հոգեւոր ուժ մը, որ զանոնք կարող է առաջնորդել մինչեւ մարտիրոսութիւն, ինչպէս է պարագան մեր հայ եկեշեցւոյ մարտիրոսներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.