2015-03-26 08:52:00

Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած հայկական մշակութային շաբաթ Հռոմի մէջ։


Մարտ 23-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով Հռոմի մէջ մեկնարկած է «Հայաստան. ինքնութիւն եւ յիշողութիւն» խորագիրով հայկական մշակութային շաբաթը: Ան կազմակերպուած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ` Ընկերաբանութեան եւ կրօնի իտալական ընկերակցութեան եւ Տեսաձայնային կեդրոնական հիմնարկի հետ համագործակցութեամբ:

Ինչպէս կը հաղորդէ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը, հայկական շաբաթի առաջին օրուան նիստին ելոյթներով հանդէս եկած են Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեանը, Տեսաձայնային կեդրոնական հիմնարկի տնօրէն Մասսիմօ Փիսթաքին, Ընկերաբանութեան իտալական ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Մարիա Իմմաքոլատա Մաչիոթին, ծերակուտական, Իտալիոյ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Փաոլօ Քորսինին, Իտալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, ծերակուտական Էմիլիա տէ Պիազին եւ խումբի հիմնադիր, ծերակուտական Ալպերթինա Սօլիանին:

Երկրորդ նիստը նուիրուած էր հայ ժողովուրդի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ձգած ազդեցութեան խնդիրներուն: Ելոյթ ունեցած են հոգեւերլուծաբաններ Մանուէլա Ֆրայրէն եւ Ճիովաննա Մարիա Մացոնչինին:

Մարտ 23-ի երեկոյեան «Թրեւի» կինոթատրոնին մէջ ցուցադրուած են Թօնինօ Կուերայի մասին պատմող «Հհրաշագործի աշունը» եւ Սերկէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ֆիլմերը:

Մարտ 23-28-ը տեւող հայկական շաբաթուան ընթացքին նախատեսուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան ու քաղաքակրթութեան, մշակոյթին, Հայոց ցեղասպանութեան մասին վկայութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութեան, Իտալիոյ մէջ հայերու ներկայութեան, Հայաստանի ներկայիս աշխարհաքաղաքական իրավիճակին նուիրուած սեմինարներ ու գիտաժողովներ:

Զուգահեռաբար տեղի պիտի ունենան Հայաստանին նուիրուած «Կրօններ եւ հասարակութիւն» ամսագրի յատուկ համարի, Վազգէն Պերպերեանի «Անտարբեր երկինքի տակ», Մարիա Իմմաքոլատա Մաչիոտիի «Հայաստան, հայեր. 100 տարի անց», Ֆուլուիօ Քորթեզէի եւ Ֆրանչեսքօ Պերտիի «Փրօ-արմենիա. հրէական ձայները Հայոց ցեղասպանութեան մասին», Յակոբ Մանուկեանի «Հայերը Իտալիոյ Մէջ», Սոնիա Օրֆալեանի «Ձիով քամիներու մէջ. Հայաստանի հեքիաթները» գիրքերու շնորհանդէսները:

Սեմինարներն ու գիտաժողովները, ինչպէս նաեւ գիրքերու շնորհանդէսները տեղի պիտի ունենան Հռոմի հեղինակաւոր «Վիթթորիանօ» թանգարանային համալիրին, «Mattei Di Giove» պալատին եւ Տեսաձայնային կեդրոնական հիմնարկի սրահին մէջ

Երեկոյեան ժամերուն Հռոմի կեդրոնական «Թրեւի» կինոթատրոնին մէջ պիտի ցուցադրուին Սերկէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը», Ֆաթիհ Աքընի «Սպի», Տաւիանիներու «Արտոյտներու ագարակը», Ատոմ Էգոյեանի «Արարատ» ֆիլմերը եւ Տօնինօ Կուերային նուիրուած «Հրաշագործի աշունը» վաւերագրական ֆիլմը:








All the contents on this site are copyrighted ©.