2015-03-26 09:22:00

Սպառնական գրութիւններ Պոլսոյ Հայկական եկեղեցւոյ պատին


Մարտ 25-ին Սթամպուլի հայաշատ Պաքըրքոյ թաղամասի հայկական Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ վրայ յայտնուած են հետեւեալ գրառումները. «Շնորհաւոր 1915» եւ «Ենթադրենք բոլորդ հայ էք, յետոյ ինչ, Օկիւն Սամասթ մը ձեզի բաւական է»:

Օկիւն Սամասթը Հրանդ Տինքը սպաննողն է: Թէպեւ ութ տարի անցած է, սակայն դատավարութիւնը կը շարունակուի:

Դեռ չէ պարզուած, թէ ով հայկական եկեղեցւոյ վրայ այդպիսի գրառումներ ըրած է: Ապրիլ 24-ի նախօրէին Պոլսոյ հայութեան մէջ կը զգացուի որոշակի վախ եւ մտահոգութիւն: Նոյն 2011-ի Ապրիլ 24-ին թրքական բանակին մէջ սպաննուեցաւ հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքչըն: Այս դատավարութիւնն ալ դեռ չէ աւարտած, Սեւակին ծնողներուն համոզմամբ` դատարանը կը փորձէ սքօղել իրականութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.