2015-03-25 11:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը խումբ մը հիւանդներու հետ


Չորեքշաբթի, 25 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը՝ նախ քան իր հրապարակային ունկնդրութիւնը՝ տեղատարափ անձրեւի պարտճառաւ՝ Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ ողջունեց հոն հաւաքուած խումբ մը հիւանդները։

Ողջոյնի պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ըսաւ. ՜՜այսօր՝ հոս կը գտնուիք դուրսը տեղացող տեղատարափ անձրեւի պատճառով. անձրեւը վնասակար չէ, այստեղէն կրնաք հանգստօրէն հետեւիլ պաստառի վրայ պատկերասփռուած իմ տալիք  ունկնդրութեանս.  խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար՝՝։

Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելէ ետք ներկաները՝ հրաւիրեց զանոնք աղօթել “Ողջոյն Քեզ” Մարեմեան աղօթքը, ապա  խնդրեց անոնցմէ  չմոռնալ պատրաստուելու Սուրբ Զատկուայ Յիսուսի Յարութեան տօնին՝  վիշտերը նուիրելով Տիրոջ։

Ապա շնորհեց անոնց իր Առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.