2015-03-25 09:53:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Օծանելիքին Բոյրը

Գնահատուելու ջերմ ցանկութիւն ու բուռն փափաք ունեցողներ կը նմանին անուշահոտի կրպակին մէջ այս կամ այն անուշահոտը յաճախորդին ներկայացնող շատախօս ու պոռոտախօս վաճառորդներուն, որոնք մտնող յաճախորդէն բացի, մէկ աչքով ալ դուրսէն անցորդները ներս կը հրաւիրեն, մեզի յիշեցնելով «Գիքոր» շարժապատկերի այն պահը, երբ դժբախտ տղեկը իրենց պատուիրուածը կատարելով «էսդի համեցէ՛ք, էսդի համեցէ՛ք» կը կանչէր խանութին առջեւ:
Ան որ անուշահոտի կարիք ունի, արդէն առանց հրաւէրիդ ներս կը մտնէ, եւ աւելին, եթէ մասնաւոր անուշահոտ մը կայ, որուն բոյրէն կ՛ախորժի, ուղղակի անոր անունը տալով, կը փնտռէ եւ պահանջուած գումարն ալ տալով կը վերցնէ զայն:
Ճիշդ է, անուշահոտերը կը պատրաստուին իրենց անուշ բոյրը բուրելու նպատակով, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր բոյրը ունի, եւ որ կրնայ տարբեր մարդոց ռունգերուն տարբեր թուիլ: Մէկուն համար շատ անուշ բուրող անուշահոտը, ուրիշի մը համար կրնայ զզուելի թուիլ: Ուստի, կարելի չէ՛ պարտադրել մէկուն այսինչ անուշահոտը գործածել: Կիներու կամ այր մարդոց պարագային նոյնը կարելի է ըսել, որովհետեւ տեսականին այնքան շատ է, որ անուշահոտ ծախող խանութին մէջ բացի ատկէ, որ անոնց տեսքը աչքի պտոյտ պատճառէ, անոնց իրարու միախառնուած բոյրերը գլխու պտոյտ կը պատճառեն:
Վերելակներու մէջ կարելի է նաեւ այս դժբախտ իրականութեան դէմ յանդիման գալ: Երբեմն անոր դռնէն ներս մտնող չորս կամ հինգ անձերէն իւրաքանչիւրը տարբեր անուշահոտ փչած կ՛ըլլան իրենց վրայ… Իսկ անոնց միախառնումը այդ փոքր «տուփ»ին մէջ, նոյնիսկ կէս կամ մէկ վայրկեանի համար, աղէտ կը դառնայ: Ոմանք եթէ բնա՛ւ գործածած չըլլային այդ օր անուշահոտ, թերեւս իրենց մարմնի հոտը աւելի տանելի ըլլար, քան՝ անուշահոտերու այդ «համանուագ»ին մէջ իրենց «տիրական մասնակցութիւնը»:
Օծանելիքներու տեսակները գովող վաճառորդը իր գործը կատարած կ՛ըլլայ այն ատեն, երբ խանութը իրեն չի՛ պատկանիր, եւ ինք վարձուած գործաւոր մըն է այնտեղ: Մինչ, երբ խանութին տէրն է, որ այդ գովասանքը կը կատարէ, շատ աւելի բռնազբօս կը թուի յաճախորդին, որովհետեւ ճիգ չի՛ խնայեր ան իր խանութին ապրանքը ծախելու եւ իր գրպանը պարարտացնելու համար:
Օդակայաններու մաքսազերծ շուկաներուն եւ կարգ մը մեծ ու վաճառաշահ խանութներու մէջ անուշահոտերու յատկացուած անկիւններուն հսկող ծեքծեքուն օրիորդներ, անուշահոտերու բաց օրինակներէն փորձել կը թելադրեն յաճախորդին, առանց յաւելեալ բացատրութիւններ տալու: Ինչո՞ւ: Երկու պատճառներով.
ա. Յաճախորդը ի՛նք պէտք է ընտրէ իր ռունգերուն հաճելի անուշահոտը.
բ. Որովհետեւ օծանելիքը իր բոյրը կը յայտնէ արդէն եւ բացատրութեան կարիք չունենար:
Անուշահոտը անպայման գովել, անոր բոյրը բացատրել, ու մանաւանդ զայն գնել պարտադրելը, պարզապէս յիմարութիւն է:
Նոյն, մարդկային փոխյարաբերական կեանքին մէջ երեւցող գնահատման երեւոյթին համար կարելի է օրինակ ծառայեցնել:
Ոեւէ մէկուն կարելի չէ՛ պարտադրել անուշահոտ մը: Ոմանք կը զզուին գարնանային ծաղիկներու շատ խտացուած հիւթերով պատրաստուած օծանելիքներէն: Այնպէս ինչպէս անուշահոտ ընտրելը ճաշակի խնդիր է, մարդը գնահատելու փափաք ունենալը եւս սեփական ընտրութեան ու համոզումի հարց է:
Միւս կողմէ, այնպէս ինչպէս օծանելիքը արդէն իսկ իր բոյրով ինքզինք կը ներկայացնէ, գնահատուելու յարմար անձը միջնորդներու եւ կամ զինք ներկայացնողներու պէտք չունենար: Տուեալ անուշահոտի բոյրէն հաճոյք առնողը, անմիջապէս կը վճարէ խանութպանին ու իր հետ կը վերցնէ զայն: Նոյնպէս ալ երբ տեսնենք գնահատուելու իսկապէս յարմար անձը, առանց ոեւէ մէկուն խնդրանքին, մեր լաւագոյնը կու տանք անոր, գնահատելու համար իր կատարած աշխատանքը կամ իր ցուցաբերած վարմունքը:
Հիները կ՛ըսէին. «Երեւցող գիւղը մունետիկի կարիք չ՛ունենար»: Դաշտին մէջ բարձրացած բլուրի մը վրայ կառուցուած գիւղը ամէն տեղէ կ՛երեւի: Անոր դիրքը գովեստի պէտք չունի: Դարձեալ հիները կ՛ըսէին. «Ինչու ճակատի՞ս գրուած է», ըսելու համար, թէ ամէն մարդ չի՛ կրնար գիտնալ, որ ի՞նչ արժանիքի տէր է տուեալ անձը: Սա ճիշդ է, բացի գնահատանքի արժանի անձերէն, որոնք առանց իրենց ճակատին գրութիւն ունենալու, բոլորին կողմէ ընթեռնլի վկայութիւն կ՛ունենան իրենց կռնակին փակցուած: Զանոնք տեսնողը իրենց աչքերու հայելիին մէջ կը կարդայ այն արժանիքը, զոր ունին, եւ որ սրտաբուխ գնահատումի կ՛արժանացնեն…
Գնահատանքը երբ սրտաբուխ չէ՛, նաեւ ընդունելի պէտք չէ՛ ըլլայ գնահատուողին կողմէ: Սա է բարոյական հաստատ մեր տեսակէտը: Երբ ատիկա սրտաբուխ չէ՛, կը նշանակէ պարտադիր է, ու հետեւաբար՝ բռնազբօս: Մինչ երբ սրտաբուխ է գնահատանքը, այն ատեն գնահատողէն դէպի գնահատուողը անկեղծութեան կամուրջ կը նետուի, եւ տրուած գնահատանքը վաւերական կը դառնայ: Անուշահոտը, օծանելիքը, իրենց բոյրը գովերգելու կարիք չունին: Ան, որ իրենցմէ կ՛ախորժի, անյապաղ կը մօտենայ իրենց ու նոյնիսկ չափազանցելով իր վրայ կը փչէ այդ բոյրը:
Եթէ իսկապէս գնահատանքի արժանի գործ տեսած ես, մի՛ վազեր գնահատուելու ետեւէն, որովհետեւ ամէն մարդ բոյրդ պիտի առնէ ու մօտդ գայ: Այլապէս, եթէ գնահատանքի արժանի չես, կամ պարտադրուած գնահատանք կ՛ակնկալես, ռունգերուն վատ թուացող անուշահոտի նման քեզմէ պիտի փախչին գնահատողները:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.