2015-03-25 12:17:00

Դեկտեմբեր 9-ը սահմանուած է որպէս ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օր


Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցմամբ եւ միաձայն ընդունեց «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումեր կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի Դեկտեմբեր 9-­ը սահմանել Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օր: «Արմէնփրես»-­ի հաղորդմամբ` նախագիծին կողմ քուէարկեց 113 պատգամաւոր, դէմ եւ ձեռնպահ քուէարկողներ չեղան:

Քուէարկութենէն առաջ հիմնական զեկուցող Արտակ Զաքարեանը յայտնեց, որ քննարկումներու ընթացքին հնչած բոլոր առաջարկները ընդունուած են եւ քուէարկութեան  կը դրուի նախագիծի լրամշակուած տարբերակը: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ օրէնքի նախագիծին համահեղինակները աւելցած են:

Օրէնքի նախագիծով կը սահմանուի, որ Ապրիլ 24-­ը, որ գործող օրէնքով նշուած է որպէս ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր, կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.