2015-03-25 11:09:00

«Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը» նիւթով հանդիպում:


Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութիւն. 

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութիւնը (ՀԿՀՄ) կազմակերպած էր «Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը» նիւթով հանդիպում մը երէկ` երեքշաբթի, 24 մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» կեդրոնին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Գարատաղլեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ իրականացուած բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն Հայ կաթողիկէ համալսարականներու միութիւնն ալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ  սոյն հանդիպումով, ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան հոլովոյթին մէջ երիտասարդութեան ներկայութեան ու դերակատարութեան կարեւորութեան: Գարատաղլեան նշեց, որ 100-ամեակը կը զուգադիպի ՀԿՀՄ-ի հիմնադրութեան 20-ամեակին, որ կ՛ենթադրէ նոր թափով ու նոր եռանդով աշխատիլ եւ ներդրում ունենալ միութեան աշխատանքներուն մէջ:

Երեք զեկուցաբերները ներկայացուցին Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը քաղաքական, մշակութային, ընկերային-տնտեսական դիտանկիւններէն դիտուած:

Առաջին զեկուցաբերն էր «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ներկայացուց հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը քաղաքական դիտանկիւնէն` նշելով, որ հայ դատը քաղաքական հարց է, բայց ներկայիս Թուրքիա կ՛աշխատի զայն քաղաքական հարթակէն փոխադրել պատմական հարթակ`  տկարացնելու հայկական կողմը, զայն ձգելով անվերջանալի քննարկումներու ոլորապտոյտներուն մէջ:

Ան կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի որոշումը, որ Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարը յանձնուի միջազգային իրաւաբաններուն:

Ան ըսաւ նաեւ, որ հատուցման գծով պէտք է նկատի ունենալ երեք դրոյթ` անհատական հատուցում, եկեղեցապատկան կալուածներու հարց եւ հայրենազրկումի գաղափարը: Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ հայութիւնը իր բոլոր բաղադրիչներով արդէն համաձայնած է ազգային իղձերու պահանջատիրութեան դրոյթին եւ համազգային իղձերու վերականգնման գործին:

Երկրորդ զեկուցաբերն էր «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն Անի Եփրեմեան, որ ներկայացուց հայ երիտասարդին պահանջատիրութեան պատմամշակութային երեսը: Ան նշեց, որ Մեծ եղեռնի ընթացքին հայութեան ֆիզիքական կորուստին հետ ոչնչացուեցան նաեւ հայ ժողովուրդի պատմամշակութային արժէքները, ինչպէս` յուշարձանները, եկեղեցիները, դպրոցները: Ան հաստատեց, որ հակառակ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան, կարելի չէ հայ հանճարը եւ արուեստի գործերը հեռացնել իրենց բնօրրանէն, որովհետեւ հողն ալ իր յիշողութիւնը ունի: «Օսմանեան կայսրութեան օրերէն ծայր առած պատմամշակութային արժէքներու բնաջնջումը շարունակուած է մինչեւ 19-րդ ու նաեւ 20-րդ դարու վերջին քառորդ եւ աւելի», ըսաւ ան:

Թուրքիա միտումնաւոր կերպով կատարած է իր մշակութային ցեղասպանութիւնը, որպէսզի հայ քաղաքակրթութեան վկայութիւնները, հայ հոգեւոր արժէքները եւ հայ իրականութեան գոյութեան փաստը վերացնէ շրջանէն:

Երրորդ զեկուցաբերն էր «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, որ հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը ներկայացուց ընկերային-տնտեսական դիտանկիւնէ: Ան հայոց պահանջատիրութեան ուղիին վրայ սոսկական գաղափարներու կողքին կարեւոր նկատեց գործնական քայլերը` օգտագործելով ինքնաքննադատական մօտեցումը: Ան յայտնեց, որ համայն հայութիւնը պարտաւոր է ունենալ պահանջներու յստակ սահմանում: Իսկ Հայ դատի աշխատանքներու ծիրին մէջ Յակոբեան, կարեւոր նկատեց այն աշխատանքը, որ կը միտի Թուրքիոյ կեցուածքին մէջ նուազագոյն ճեղքը բանալ: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութեան հետեւանքները մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան հատուածներուն վրայ:

Ան առաջ քաշեց նաեւ բռնի իսլամացուած հայերու պարագան եւ անոր դրական ազդեցութիւնը հայկական պահանջատիրութեան հոլովոյթին մէջ հարցականի տակ դրաւ:

Յակոբեան աւարտեց իր խօսքը նկատել տալով, որ հայ երիտասարդը պէտք է մղել աշխատանքի եւ դաստիարակել զայն գիտական գործնական սկզբունքներով, գաղափարներու կողքին, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ Հայ դատի բարւոք լուծման:

Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն եւ մանաւանդ երիտաարդներուն տուած հարցումներուն ու մտահոգութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.