2015-03-24 13:34:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 24 մարտի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան)  “Աւագ Շաբթուան շնորհքը քրիստոնեաներուն կ’օգնէ՝ ընդունելու Աստուծոյ պարգեւները եւ “գործելակերպը” առանց քննադատութիւններու եւ առարկութիւններու։”

Այս պատգամը՝ առնուած օրուան Ս. Գրքի ընթերցուածի խորհուրդէն կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի օրուան քարոզին կորիզը, որ ուղղեց Տոմուս Սանթա Մարթայի 24 մարտի առաւօտեան Ս. Պատարագի ընթացքին։

Սրբազան Քահանայապետը “Հոգեւոր քմահաճոյքներ” անուանեց շատ մը քրիստոնեաներու այն կեցուածքը՝ որ կը մերժէ ընդունիլ “աստուածային գործելակերպը”՝ սայթաքելով տրտնջողական կեցուածքի մէջ։ Սուրբ Գիրքը, օրուան Թուոց Գրքի ընթերցուածին մէջ (Թուոց ԻԱ, 4-9) կը պատմէ հրեայ ժողովուրդի մասին, որոնք կը տրտնջէին եւ ապա զոհ կը դառնային թունաւոր օձերու։ Միայն Մովսէսի աղօթքը եւ անոր բարձրացուցած պղնձէ օձի արձանը կը փրկէ զանոնք թունաւորումէն։

Իսկ Քրիստոս մեզի համար խաչ բարձրացաւ՝ փրկելու համար մեզ մեղքի թոյնէն։

Երբ մենք ալ հրեայ ժողովուրդին նման՝ Աստուծոյ պարգեւը չենք ընդունիր եւ կը մերժենք Աստուծոյ “գործելակերպին” համակերպիլ, կը սայթաքինք մեղքի մէջ։

Քրիստո´ս է, որ մեր մեղքերը կը մաքրէ եւ մեզ մեղքի թոյնէն կը փրկէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով ըսաւ՝ “այսօր քրիստոնեաներ կը մահանան իրենց տրտմութեան անապատին մէջ, իրենց տրտունջներուն մէջ՝ Աստուծոյ գործելակերպի մերժմամբ։ Մեր աչքերը բարձրացնենք Քրիստոսի մարմնին, ուր կուտակուած է աշխարհի բոլոր մեղքերուն թոյնը, եւ խնդրենք իրմէ շնորհքը՝ կեանքի դժուարին պայմանները ընդունելու։ Աստուծոյ “գործելակերպը” ընդունիլ՝ փրկութիւն է մեզի համար։ Աղօթենք՝ որ Աւագ Շաբաթը մեզի օգնէ ըլլալու լաւ քրիստոնեաներ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.