2015-03-24 12:05:00

Սլովաքիայի եպիսկոպոսներու նախաձեռնութիւնը հալածուած քրիստոնեաներու ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Սլովաքիայի եպիսկոպոսները շաբաթասկիզբը` լիանիստ գումար մը կատարած են, որուն աւարտին հրապարակած են յայտարարութիւն մը ուր կը գրեն ''Խորապէս ցնցուած ենք ի տես քրիստոնեաներու կրած վայրագութեան ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքով։ Կոչ կ’ուղղենք  Սլովաքիայի կառավարութեան որպէսզի իր արտաքին քաղաքականութեամբ օգնութեան հասնի հարստահարուած քրիստոնեաներուն''։

Եպիսկոպոսներու գնահատումով Եւրոպայի ցայժմ  կատարած ջանքերը բաւարար չեն, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները յուսաթափ եղած են ու պարտադրուած են մայրենի հողէն հեռանալ  ու գաղթել  այլուր­­, ազատուելու իրենց ապրած դժոխքէն։ 

Եպիսկոպոսները համագործակցութեամբ Սլովաքիայի Քարիթասին`  Ծաղկազարդի կիրակին, հաւատացեալներէն խնդրած են իրենց դրական նպաստը բերելու, ամոքելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ցաւն ու տառապանքը։ Ողբերգական դէպքերը, որուն միջազգային հասարակութիւնը ականատես է, կը հաստատէ որ կրօնական  ազատութիւնը հիմնական է ամէն ընկերութեան զարգացումի ու բարգաւաճումի ծիրէն ներս։ Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք ամենակալ Տիրոջ բռնութեան զոհերուն համար եւ կը խնդրենք Տիրոջմէն որ յուզէ սրտերը ու արդարութեան եւ  հաշտութեան Արքայութիւնը հաստատէ ամենուրէք։








All the contents on this site are copyrighted ©.