Ա. Բուն Բարեկենդան
Մեծ Պահքին նախորդող Կիրակին է. բարեկենդան կը նշանակէ բարի կեանք՝
աշխարհիկ իմաստով ուրախութիւն, խրախճանք, իսկ կրօնական իմաստով՝ երանելի
կեանք, ինչպէս Ադամը կ’ապրէր դրախտին մէջ արտաքսուելէն առաջ:
Բ. Արտաքսման
Ադամն ու Եւան իրենց անհնազանդութեան պատճառաւ երկար չմնացին դրախտին
մէջ եւ արտաքսուեցան հոնկէ: Մեզի՝ մեղաւորներուս համար Քրիստոս ապաշխարութեամբ
ցոյց տուաւ փրկութեան ճամբան, եւ դրախտին արժանանալու յոյսը:
Գ. Անառակին
Այս Կիրակին կը կրէ տուեալ օրուան ճաշու աւետարանի հատուածին անունը: Մեծ
Պահքի ընթացքին մեր ուղեւորութիւնը կը նմանի Անառակ Որդիին ապաշխարութեան
յաջորդող դէպի իր հօր տունը վերադարձին: Այս առակը կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին
15.11-32 ին մէջ:
Դ. Տնտեսին
Անառակի Կիրակիին կը յաջորդէ Տնտեսի Կիրակին որ իր անունը կը ստանայ դարձեալ
Յիսուսի խօսած առակներէն մէկէն: Այս առակը կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին 16.1-13 ին մէջ: Միջինքը տեղի կ’ունենայ այս Կիրակիին յաջորդող Չորեքշաբթին:
Ե. Դատաւորին
Դարձեալ Յիսուսի առակներէն մէկէն կը ստանայ իր անունը, որ դատաւորի մը եւ
յարատեւող այրիի մը առակն է, զոր կրնանք կարդալ Ղուկաս 18.1-8 ի մէջ:
Զ. Գալստեան Այս կիրակի օրուան առակը Քրիստոսի աշխարհ գալուն խորհուրդը
կը բացատրէ: Այդ օրուան աւետարանական ընթերցումին վերջին համարը՝ Մատթէոս 23.39
Քրիստոսի Գալստեան կ’ակնարկէ:
Է. Ծաղկազարդ Այսպէս կը կոչուի Քրիստոսի փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ, իր
խաչելութիւնն ու յարութիւնը կանխող Մէկշաբթի օրը: Այդ օր մանուկները եկեղեցի կ’երթան
զարդարուած մոմերով ու կը մասնակցին թափօրին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |