2015-03-23 13:46:00

''Հոն, ուր գթասրտութիւն չկայ՝ չկայ նաեւ արդարութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) “Հոն ուր գթասրտութիւն չկայ՝ չկայ նաեւ արդարութիւն”։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ երկուշաբթի, 23 մարտի առաւօտեան՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Ս. Պատարագի քարոզին։

Աստուծոյ ժողովուրդը այսօր կ’ապրի դատաստան՝ առանց ողորմածութեան, գթասրտութեան՝ ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ բերաւ երեք կիներու եւ երեք դատաւորներու օրինակը՝ առնուած Դանիէլ Մարգարէի գրքէն (Դան ԺԳ.), Յովհաննու Աւետարանէն (Յովհ. Ը.) եւ Ղուկասի Աւետարանէն (Ղուկ ԺԸ.)։ Այդ գրքերուն մէջ կը կարդանք երեք կիներու օրինակը՝ անմեղ կինը, մեղաւոր եւ շնացող կինը եւ աղքատ եւ կարիքաւոր այրի կինը։ Ասոնք երեքն ալ, ըստ Եկեղեցւոյ Հայրերուն՝ կը խորհրդանշեն Եկեղեցին – սուրբ Եկեղեցին, մեղաւոր Եկեղեցին, եւ կարիքաւոր Եկեղեցին։

Իսկ դատաւորները չար են եւ ապականած՝ նկատի ունենալով դպիրներու եւ փարիսեցիներու մեղադրանքը, որոնք շնացող կինը կը բերեն Յիսուսի առաջ։ (Յովհ Ը.) Անոնք իրենց սրտին մէջ ունէին խստութեան մոլութիւնը կամ ապականութիւնը։ Կը կարծէին սուրբ ըլլալ՝ որովհետեւ կը հետեւէին օրէնքի բնագրին։ Կ’ընէին այն՝ ինչ որ “օրէնքը” կը ստիպէր կատարել։

Սակայն զանոնք կարելի չէ սուրբ նկատել՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Անոնք ապականած էին։ Որովհետեւ այդպիսի խստութիւն մը կը տանի երկերես կեանքի մը՝ ուր կը դատապարտէին կինը, եւ սակայն կը փնտռէին այդպիսի կիներ իրենց հաճոյքին յագուրդ տալու համար։ Այդ խիստ անձերը, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ՝ “կեղծաւոր” էին։ Անոնք, որոնք կը մեղադրեն Եկեղեցին՝ ունին այդ երկերես կեանքը։ Այդ խստութեան մէջ ոչ իսկ կարելի է շնչել։

Երկրորդ օրինակը՝ առնուած օրուան Դանիէլ Մարգարէի գրքէն (Դան ԺԳ. 1-62) երկու ծեր դատաւորներու դրուագն է, որոնք կը սպառնային Շուշանի, որ անմեղ կին մըն էր։ Անոնք ախտաւոր դատաւորներ էին, կիրքի ապականութեան մէջ մխրճուած՝ ցանկամոլութեան մէջ թաղուած։ Իսկ ցանկամոլութեան ախտը տարիներու ընթացքին միշտ աւելի կը զօրանայ, աւելի կը չարանայ։

Եւ վերջապէս անարդար դատաւորը, որ Աստուծմէ չէր վախնար եւ մարդոցմէ չէր ամչնար (Ղուկ ԺԸ.)։ Ան միայն իր անձնական շահն ու հետաքրքրութիւնն ունէր աչքի առաջ։ Ապականած էր ընչաքաղցութեամբ եւ տարուած փառամոլութեամբ։

Այս երեք դատաւորները՝ շահամոլ, ախտաւոր կամ մոլի ու խիստ՝ ծանօթ չէին ողորմածութիւն կամ գթասրտութիւն բառերուն։ Իրենց ապականութիւնը զիրենք կը հեռացնէր ողորմածութեան իմաստը հասկնալէ, կամ գթասիրտ ըլլալէ։ Իսկ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ թէ արդար դատը գթասրտութեան մէջ կը կայանայ։

Իսկ երեք կիները՝ սուրբը, մեղաւորը եւ կարիքաւորը կը տառապին գթասրտութեան եւ ողորմածութեան բացակայութենէն՝ ըլլա´յ հասարակական, ըլլա´յ եկեղեցական մարզերէն ներս։ Իսկ ուր գթասրտութիւն չկայ՝ հոն չկայ նաեւ արդարութիւն։

Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը կամաւոր կերպով կը մօտենայ ներում խնդրելու, դատի ենթարկուելու, քանի´ քանի´ անգամներ կը հանդիպի այս դատաւորներէն մէկուն։ Կը գտնէ մոլին, որ կարող է չարաշահել։ Իսկ փորձութեան ենթարկել եւ չարաշահելը ծանրագոյն մեղքերէն մէկն է։ Ապաշխարողը երբեմն կը հանդիպի շահամոլին, որ մեղաւորի հոգիին կը զլանայ թթուածինը եւ յոյս չի ներշնչեր անոր։ Կը գտնեն խիստ դատաւորը, որ պատիժ կը դնէ ապաշխարողին վրայ. պատիժ՝ այն մեղքերուն համար, որ իր իսկ սրտին խորք կը գտնուին։

Ահա այս է գթասրտութեան բացակայութիւնը ըսաւ Սրբազան Պապը եւ եզրափակեց աւելցնելով՝ Սուրբ Աւետարանի ամենէն գեղեցիկ խօսքերէն մին է՝ Յիսուսի շնացող կնոջ ուղղած խօսքը՝ “ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր”։








All the contents on this site are copyrighted ©.