2015-03-23 14:06:00

Կարդինալ Սանտրիին այցելութիւնը Հունգարիա։


(Ռատիօ Վատիկան)  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը կը հաղորդագրէ թէ` 22-25 Մարտ 2015, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին կառավարիչը` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին  Հունգարիայի տեղական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրով մեկնած է Հունգարիա, տօնախմբելու ''Máriapócs'' մարեմեան սրբավայրին հիմնարկութեան 3րդ դարադարձը  եւ ''Miskolc'' աթոռանիստ եկեղեցւոյ բացումն ու օրհնութիւնը։

Իր կեցութեան ընթացքին կարդինալ Սանտրին`  երկուշաբթի 23 Մարտին ''Hajdúdorog'' աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, առաքելական դեսպանի եւ թեմին եպիսկոպոսին հետ միասին  պիտի ընկալեն ''Máriapócs'' Սուրբ Աստուածածնայ սրբանկարը, որ ապա ուխտագնացութեամբ պիտի փոխադրուի Հունգարիոյ զանազան եկեղեցիները։ Երեքշաբթի կարդինալը ս. Պատարագով  պիտի հանդիսապետէ  Մարեմեան սրբավայրին հիմնարկութեան երրորդ դարադարձի բացման արարողութիւնը։ Նշենք որ Սրբավայրը ուխտագնացութեան վայր է ոչ միայն հունգարացիներուն համար այլեւ դրացի երկիրներու հաւատացեալներուն եւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը սրբավայրը այցելած է 18 Օգոստոս 1991-ին։

25 Մարտին` Աւետման տօնին օրը, կարդինալ Սանտրին, բացումն ու օրհնութիւնը պիտի կատարէ ''Miskolc'' աթոռանիստ եկեղեցւոյ, թեմի եպիսկոպոսին, կղերական դասին եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ անոնց փոխանցելով  ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ողջոյնը ու հայրական օրհնութիւնը­­­­, քաջալերելով Հունգարիայի Եկեղեցին որ երկու թոքերով կը շնչէ` Արեւելեան եւ Արեւմտեան, շարունակելու ուրախութեամբ քարոզելու Աւետարանը Եւրոպայի սրտին։

Յայտնենք որ Արեւելեան ժողովի կառավարիչի այս այցելութիւնը կը կատարուի յետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հունգարիոյ Յոյն - Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերակազմակերպումի յայտարարութեան վաւերացումին, անցեալ 20 մարտ 2015-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.