2015-03-23 14:38:00

Եղբայրօգնութեան կիրակի Իրաքի ընտանիքներուն ի խնդիր Հռոմի թեմէն ներս։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի 22 մարտ 2015-ին, Հռոմի բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ  կատարուեցան  դրամահաւաք ու այլ նախաձեռնութիւններ­, Իրաքի ընտանիքներուն ի սպաս։

Հռոմի թեմը Իրաքցի վեց հազար ընտանիքներուն պիտի երաշխաւորէ զօրակցութեան Զատիկ մը, անոնց բաշխելով զատկական անուշը ու Հռոմի թեմէն հասած օգնութիւնները։

21-28 մարտ Հռոմի Քարիթասը պիտի շարունակէ դրամահաւաքը։ Նշենք որ  Քարիթասը 2014-ին ունեցաւ աւելի քան 7.800 կամաւորներ. որոնք ուտեստեղէն  բաշխեցին Քարիթասի 45 կեդրոններուն մէջ։ Բարեսիրական կազմակերպութիւնը օգնութեան հասաւ աւելի քան 13 հազար անհատներու, ընդունեցաւ աւելի քան 2400 անօճախ  թափառաշրջիկներ ու խնամեց 5700 հիւանդներ եւ տասը հազար այցելութիւններ տուաւ հիւանդներուն եւ կարիքաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.