2015-03-21 14:10:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը բանտարկեալներուն հետ։


Շաբաթ, 21 մարտին, յաւարտ Նափոլիի Plebiscito հրապարակի վրայ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան Ֆրանչիսկոս Պապ ուղղուեցաւ Նափոլի քաղաքին  Փոճճորէալէ կոչուած  բանտ, այցելելու համար բանտարկեալներ ու անոնց հետ բաժնեկցելու սիրոյ ճաշը։

Այս առթիւ բանտարկեալներուն ուղղած  պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը  իր մօտիկութիւնը յայտնեց անոնց՝ փոխանցելով  Յիսուսի Սէրն ու պատգամը որ աշխարհ եկած է մեռնելու  խաչին վրայ իւրաքանչիւրին փրկութեան համար։

''Երբեմն` յարեց Սրբազան հայրը, մենք զմեզ յուսախաբ եւ լքուած կը զգանք ուրիշներէն։Բայց Աստուած երբեք չի մոռնար իր զաւակները, եւ անոնց մինակ չի թողուր։Ան՝ միշտ մեր կողքին կը գտնուի, յատկապէս փորձութեան պահերուն։ Ան՝ Հայր է հարուստ ողորմութեան, որ միշտ մեր վրայ իր բարի հայեացքը կը սեւերէ, եւ բազմակատարած միշտ մեզ կը սպասէ։  նոյնիսկ երբ՝ կեանքի ընթացքին սխալներ գործած ըլլանք,  Տէրը չի յոգնիր մեզի ցոյց տալու դէպի Իրեն վերադառնալու ու հանդիպելու ուղիները։ Յիսուսի Սէրը իւրաքանչիւրին հանդէպ  յաւերժ մխիթարանքի եւ յոյսի աղբիւր է – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ ինք ''ծանօթ է բանտարկեալներուն ապարծան վիշտերուն, աշխարհի զանազան բանտերէն  իրեն ուղուած  նամակներու միջոցաւ, որոնցմէ ոմանք իսկապէս յուզիչ են''։

''Յաճախ բանտարկեալները կը գտնուին, մարդու անարժան պայմաններուն մէջ՝՝ ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու  հրաւիրեց ներկաները ամէն օր ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը, որուն կը պատկանի աշխարհի ապագան ինչպէս նաեւ  ապրիլ Աստուծոյ բարութիւնը ընդգծելով, թէ  ապագան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է, եւ պատմութիւնը իմաստ կը ստանայ որովհետեւ անոր մէջ կը բնակի զԱստուած ։

Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց իր պատգամը քաջալերելով բանտարկեալները դժուարութեան դիմաց երբեք չի մոռնալ Աստուծոյ անսահման ողորմութեան յոյսը եւ Անոր նախախնամութիւնը եւ հրաւիրեց որ  սոյն ապահով յոյսով պատրաստուիլ Սուրբ Զատկուայ տօնին, կեանքի ընթացքը ուղղելով դէպի Տէրը, ու միշտ վառ պահելով սիրոյ հուրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.