2015-03-21 14:20:00

Վանի Ախթամար կղզիին վրայ Հայերը ցեղասպանութենէն 100 տարի անց պիտի նշեն Սուրբ Զատիկը


Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց հայաստանցի ուխտաւորները հնարաւորութիւն պիտի ունենան Սուրբ Զատիկը նշելու Վանի Ախթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Նարեկավանք Թուր» ընկերութեան համահիմնադիր Արմէն Յովհաննիսեանը:

Արմէն Յովհաննիսեանի խօսքով` «Նարեկավանք Թուրը»  Սուրբ Զատիկը Ախթամարի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նշելու համար յատուկ ուխտագնացութիւն  կը կազմակերպէ: «Ապրիլ 5-ին պիտի ապահովենք հայերու ներկայութիւնը Վանի Ախթամար կղզիին վրայ: Պատարագ պիտի չմատուցուի, քանի որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը տարին մէկ անգամ  պատարագ կը մատուցէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ` Սեպտեմբերի 2-րդ Կիրակի օրը: Պատարագ չի մատուցուիր, սակայն աղօթք պիտի ըլլայ»,- ըսաւ Արմէն Յովհաննիսեանը` շեշտելով, որ Ապրիլին քիչ թիւով հայեր պիտի ըլլան Ախթամարի մէջ:

Անոր խօսքով` այդ ժամանակ Ախթամար կղզիին վրայ կարելի է հիանալ ծաղկած նշենիներով եւ կղզիին դիմաց դեռեւս ձիւնածածկ Տաւրոսի լեռնաշղթայով:

Արմէն Յովհաննիսեան յիշեցուցած է, որ Սուրբ Զատիկին ուխտագնացութիւն  կը կազմակերպեն նաեւ Իրանի մէջ գտնուող Սուրբ Թադէի եւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի եկեղեցիներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.