2015-03-21 14:24:00

ՄԱԿ-ի քարտուղար Պան Քի Մուն կ՝ողջունէ Ֆրանչիսկոս Պապի միջազգային կազմակերպութեան կատարելիք այցելութիւնը։


ՄԱԿ-ի քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունած է  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ՄԱկ-ի մօտ  կատարելիք այցելութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 15 սետպտեմբեր 2015ին։

Քարտուղարը՝  պատմական եւ կարեւոր նկատած է Ֆրանչիսկոս Պապի 2015 թուականի  կատարելիք այցելութիւնը,  որովհետեւ այս տարի ՄԱԿ-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 70 ամեակը  որուն ընթացքին կազմակերպութեան  անդամ երկիրները իրենց կարւեորագոյն որոշումները պիտի առնեն  կլիմայի փոփոխութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան ի խնդիր։

Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը ՄԱկի այցելութեան ծիրէն ներս  հանիդպումներ   պիտի ունենայ ՄԱկի ընդհանուր քարտուղարին հետ  ինչպէս  նաեւ ելողթ պիտի ունենայ  կազմակերպութեան ընթացիկ նիստին։

ՄԱԿ-ի Քարտուղար Պանք Քի Մուն,  մաղթանք յայտնած է որ Ֆրանչիսկոս Պապի ՄԱԿ-ի այցելութիւնը  ներշնչման աղբիւր հանդիսանայ միջազգային հասարակութեան՝ կրկնապատկելու համար ի գործ դրուած  ջանքները մարդկային իրաւունքներու ապահովման եւ   ընկերային արդարութեան  ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.