2015-03-20 12:17:00

Ֆրանչիկսոս Պապին 20 Մարտի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ` 20 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Առաքելական Պալատի Ռետեմթորէս Մաթեր մատրան մէջ կայացած քառասնորդացի շաբաթական խորհրդածական նիստին, զոր կատարեց Քահանայապետական Տան քարոզիչը` Հայր Ռանիէրօ Քանթալամէսսան, որ այս տարուայ որպէս նիւթ ընտրած է` ''Երկու թոքեր , մէկ շունչ, արեւելք եւ արեւմուտք, միացած միեւնոյն դաւանած հաւատքին մէջ'' եւ որ իր այսօրուայ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ''Արեւելք եւ Արեւմուտք` Սուրբ Հոգիի խորհուրդի դիմաց'' նիւթին մասին։

Յայտնենք թէ Հայր Ռանիէրոն` Osservatore Romano վատիկանեան օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացին յայտնած էր թէ` այս նիւթը ընտրած է ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Բարթողոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ու այդ հանդիպումէն բխած հրաւէրին՝ ''Լիուլի բաժնեկցելու հաւատքը զոր կը միացնէ Արեւմուտքը Արեւելքին''։

Քառասնորդացի խորհրդակցական նիստին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ճափոնի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին` հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ''մահապատիժի դէմ միջազգային յանձնախումբի  եւ ''ընտրական ընթացքի թափանցկութեան Ֆինանսական ցանց''ի պատուիրակութիւնները, հուսկ ընդունեց եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Մարք Ուելլէն։ 

Յայտնենք թէ երէկ` 19 մարտին, Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը հեռաձայնած է վաստակաւոր քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ-ին շնորհաւորելու համար անոր անուան տօնը, վաստակաւոր Քահանայապետը իր կարգին շնորհաւորած է Ֆրանչիկսոս Պապին գահակալութեան երկրորդ տարեդարձը








All the contents on this site are copyrighted ©.