2015-03-19 14:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապին տեսերիզային պատգամը Արկենթինայի Կաթողիկէ Համալսարանի եկեղեցւոյ օծման առիթով:


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հինգշաբթի, 19 մարտ 2015ին տեսերիզային պատգամ մը ուղարկած է Արկենթինայի կաթողիկէ համալսարանի եկեղեցւոյ օծման առիթով։

Համալսարանի գլխաւոր եկեղեցին, որ նուիրուած է Յիսուսի Սուրբ Սրտին, օծուած է տարւոյս մարտ 18ին՝ Ս. Պատարագով, զորս մատուցած է Կարդինալ Մարիօ Փոլի, Արքեպիսկոպոս Պուենոս Այրեսի եւ Աւագ Խորհրդատու Համալսարանի։

Սրբազան Պապի խօսքին հիմնական պատգամն է թէ՝ “համալսարանը պէտք է ուղղուած ըլլայ դէպի Աստուած, դէպի Քրիստոս եւ Քրիստոսէ բխին համալսարանի զօրութիւնը, գաղափարները եւ ուսուցումը։ Նորակառոյց եկեղեցին համալսարանէն հեռու տաճար մը չէ, այլ սիրտն ու կենդրոնն է եւ յոյժ կարեւոր մաս մը։”

Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը կը յայտնէ Եկեղեցւոյ օծման առթիւ։ “Ցարդ եղած են մատուռներ, ուր մեր աղօթքը կը բարձրանար առ Աստուած եւ հանդիպում կ՛ունենայինք Յիսուսի, Աստուածածնի եւ Սուրբ Յովսէփի հետ։ Իսկ նորակառոյց եկեղեցին կը կազմէ համալսարանի կենդրոնը”՝ կ’ըսէ Սրբազան Պապը։

Շնորհաւորանքի խօսքով կը փակէ իր պատգամը եւ կը մաղթէ որ եկեղեցին միշտ ըլլայ լի աղօթող հաւատացեալներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.