2015-03-19 14:37:00

Ս. Աթոռի մասնակցութիւնը Միլանոյի ''Expo 2015''-ին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կաթողիկէ եկեղեցին զանազան նախաձեռնութիւններու շնորհիւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միլանոյի ''Expo 2015''-ին` Ս. Աթոռի տաղաւարի, Միջազգային Քարիդասի կրպակովը ու Միլանոյի թեմի ներգործութեամբ։

Միլանոյի ''Expo 2015'' ի  նիւթն է ''սնունդը''։ Սնունդի փորձառութիւնը, իր բոլոր արժողականութիւններով, սիրտը կը կազմէ քրիստոնէական կեանքին։ Պահն է մարդկային ու հոգեւոր աճումին, կապի ու զօրակցութեան, օգնութեան ու խնամքի, աշխատանքի ու բարգաւաճումի։ Կերակուրի նիւթը հրաւէր մըն է խոկալու հաւատքի, արդարութեան ու խաղաղութեան նիւթերու մասին եւս. Կապը ընդմէջ ժողովուրդներու, տնտեսութեան ու բնապահպանութեան։

Յայտնենք որ Ս. Աթոռը պաշտօնապէս ներկայ է  Միլանոյի Expo 2015-ին  իր սեփական տաղաւարով որուն բնաբանն է ''ո՛չ միայն հացով''։

Ս. Աթոռը կը ներկայացնէ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդը, Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ու Միլանոյի թեմը։ Տաղաւարը կ՛ընգրկէ ը հետեւեալ նիւթերը` Պաշտպանելիք այգի մը, բաժանելիք կերակուր, կրթող ճաշ մը, հաց մը որ ներկայ կը դարձնէ Աստուած աշխարհի մէջ։

Տաղաւարը կ՛արտայայտուի գեղարուեստական տարբեր բարբառներով, ամենէն աւանդականէն սկսեալ մինչեւ ամենէն արդին։ Անոր մէջ պիտի ցուցադրուին  Միջազգային Քարիդասի կերպարը որուն պատգամն է ''բաժնել բազմապատկելու համար, բեկանել հացը''։  Միլանոյի թեմը եւ Expo Մելանօ 2015, Ամպրոզիան եկեղեցին, որու տարածաշրջանին մէջ տեղի կ’ունենայ  Expo 2015-ը բարեբեր առիթ մըն է հարցադրելու ու ճոխացնելու առօրեայ կեանքն ու հաւատքի ուղիները։

Յայտնենք թէ Միլանոյի Թեմը ունի 1.107 ժողովրդապետութիւններ եւ 5 միլիոն կնքուած  հաւատացեալներ։ Այնտեղ կը գործեն բազմաթիւ եղբայրութիւններ, ընկերակցութիւններ ու շարժումներ, որոնք կը հարցադրեն ''ի՞նչ բան կը սնուցանէ կեանքը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.