2015-03-19 14:00:00

Կարդինալ Փարոլինի ցաւը Թունիզի աղէտին ի տես։


Ցաւակցական հեռագիր յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին։

(Ռատիօ Վատիկան)  ''Թունիզի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը, անմարդկային, վայրագ ու անընդունելի է­, որ պէտք է դատապարտել ամէն գնով'' յայտնեց Վատիկանի պետական քարտուղար` Կարդինալ Փարոլին Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ի լուր Թունիզի մէկ թանգարանի մը դէմ­, ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ գործադրուած` ահաբեկչական արարքին­, որ պատճառեց 22 մեռեալ որոնցմէ 4-ը իտալացի։ Վատիկանի պետքարտուղարը ապա կոչ ուղղեց յոյս յայտնելով որ ''Աստուծոյ անունով բռնութիւնները այլեւս չի կրկնուին''։

Ան հուսկ անդրադարձաւ Ողորմութեան սուրբ տարւոյն մատնանշելով թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կ՛ըսէր թէ ''ողորմութիւնը Աստուծոյ դեղն է ի դէմ մարդկութեան չարութեան'' եւ յոյս յայտնեց որ այս դեղը`  այս Սուրբ Տարւոյն ընթացքին լաւապէս օգտագործուի, որպէսզի  բուժուին ընկերութեան բոլոր վէրքերն ու չարութիւնները։

Յայտնենք որ Կարդինալ Փարոլին, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Թուինիզի արքեպիսկոպոս `գերապայծառ Իլարիօ Անթոնիացցոյին որուն մէջ յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին վճռակամ դատապարտումը` խաղաղութեան եւ կեանքի սրբութեան դէմ գործուած արարքներուն, ինչպէս նաեւ Անոր աղօթքի միութիւնը եւ աղերսը առ Աստուած` որպէսզի մխիթարութիւն եւ սփոփանք շնորհէ զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն ու քաջալերանք վիրաւորեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.