2015-03-18 14:57:00

ՏԱՀԵՇ Նինուէի մէջ կը քանդէ եկեղեցիներ


ՏԱՀԵՇ հրապարակեց վաւերագրական ժապաւէն մը, որուն մէջ իր զինեալները Իրաքի Նինուէ նահանգին մէջ եկեղեցիներու վրայէն խաչերը վերցնելով անոնց տեղ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը կը զետեղեն:

Տեսերիզին մէջ զինեալները նաեւ կը քանդեն քրիստոնեաներու գերեզմաններուն տապանաքարերը եւ Աստուածածինի փոքր արձան մը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մը զանգը կը վերցնեն:

Տեսերիզին մէջ այդ բոլորին ճշգրիտ վայրը կամ թուականը չէ ճշդուած:

Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր համակիրներուն կոչ ուղղեց` իրենց ծնողները ուրանալու եւ զանոնք սպաննելէ ետք միանալու իր շարքերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.