2015-03-17 13:28:00

Ֆրանչիսկսո Քահանայապետի 17 մարտի քարոզը՝ ՝՝Ողորմած եղէք, մի փակէք եկեղեցւոյ դռները՝՝


Եկեղեցին Յիսուսի տունն է. ողորմութեան տուն մը՝ վայր մը, որ կը հիւրընկալէ բոլորը, եւ ոչ թէ վայր մը, որուն դռները Քրիստոնեաները կրնան փակել։

Երեքշաբթի, 17 մարտին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բացայայտեց Քրիստոսի  ունեցած լիուլի  ողորմութեան եւ հաւատացեալի աղօտ ողորմութեան հոգիի միջեւ կայացած բախումը։  

Ներշնչուելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումէն ուր կը ներկայացուի Յիսուսի շաբաթ օրով կատարած մէկ հրաշքը՝ անդամալոյծի բուժումը։ Այս առթիւ  Յիսուս օրէնսդիրեներու կողմէ քննադատութեան կ՝ենթարկուի՝  շաբաթ օրով հրաշք մը կատարած ըլլալուն համար.  Ֆրանչիսկոս պապը ընդգծեց թէ՝ շատ անգամ,  այսօր եւս  նմանօրինակ  երեւոյթներ կը կրկնուին։

Այր մարդ կամ կին՝ երբ ինքզինք հոգեպէս հիւանդ կը զգայ  եւ կը տխրի՝  իր կեանքին ընթացքին շատ մը սխալներ գործած ըլլալուն համար, եւ  պահ մը կը սթափի եւ կը զգայ թէ ջուրերը կը շարժին՝ պէտք է գիտակցիլ՝ որ Սուրբ Հոգին  է որ ջուրին այդ բուժիչ շարժումը կը շնորհէ։ Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ թէ քանի´ անգամ այսօր՝ Քրիստոնեայ հասարակութիւններու դռները փակ կը գտնենք, եւ այս իրողութիւնը ցաւ կը պատճառէ՝ որովհետեւ Եկեղեցին Յիսուսի տունն է  եւ Ան կ՝ընդունի բոլորը։ Ահա ա´յս  “Ողորմութիւն” կը կոչուի՝ հաստատեց Սրբազան հայրը։ 

Քառասնորդացի շրջանը թող օգնէ մեզի՝ չգործելու   օրէնսդիրեներու նոյն սխալը, որոնք արհամարեցին  Յիսուսի ունեցած  սէրը անդամալոյծին հանդէպ,   պարզապէս որովետեւ հակառակ էր օրէնքին։

Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր քարոզը յարեց՝

“Այսօր՝ Սուրբ Պատարագի ընթացիքն  խնդենք Տիրոջմէ՝ իւրաքանչիւրիս եւ բովանդակ եկեղեցւոյ համար դարձի գալ եւ ընթանալ դէպի Յիսուս, դէպի Անոր ողորմութիւնը։ Այսպէսով Օրէնքը լիուլի գործադրած կ՝ըլլանք , որովհետեւ օրէնքը՝ Աստուած եւ մերձաւորը սիրել է, ինչպէս՝ մենք  զմեզ  կը սիրենք։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.