2015-03-17 13:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը ուղղուծ Նիկերիայի Եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան)   Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ 2 մարտ, 2015 թուագրուած նամակ մը ուղարկած է Նիկերիայի եպիսկոպոսներուն, ուր իր ողջոյնի խօսքը կ’ուղղէ նաեւ հաւատացեալ ժողովրդուին։

Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ազգային եւ համաշխարհային յատուկ դերակատարութիւն մը կը վերագրէ Նիկերիայի, որ իր 160 միլիոնանոց բնակչութեամբ “Ափրիկէի Հսկան” կը կոչուի։ Իր բնական հարստութիւններով եւ առեւտրական կարողականութեամբ՝ Նիկերիան կը կազմէ մեծ շուկայ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապի տողերուն մէջ աննկատ չեն մնար Նիկերիայի դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնք բռնութեան նոր ձեւերով՝ ցեղային, ընկերային եւ կրօնական մարզերու վրայ յայտնուած ծայրայեղականութեամբ եւ արմատականութեամբ կը դրսեւորուին։

Բազմաթիւ նիկերիացիներ սպաննուած են, վիրաւորուած կամ անդամահատուած, առեւանգուած եւ կամ զրկուած իրենց ստացուածքներէն՝ հողէն, ապրուստի միջոցներէն, իրենց արժանապատուութենէն եւ իրաւունքներէն։ Շատեր անկարող են վերադառնալու իրենց բնակարանները։ Ըլլա´յ քրիստոնեայ կամ մահմետական՝ ողբերգական վերջ մը գտած են՝ ա´յն մարդոց ձեռքով, որոնք իրենք զիրենք հաւատացեալ կը նկատեն, եւ սակայն կը չարաշահեն կրօնքը՝ վերածելով զայն գաղափարախօսութեան՝ պարտադրել կարենալու համար իրենց անհատական շահերը, կեղեքումներ եւ մահ։

Քահանայապետը կ’ապահովցնէ եպիսկոպոսներուն՝ որ ինքզինք մօտ կը զգայ անոնց եւ բոլոր տառապողներուն եւ ամէն օր կ’աղօթէ անոնց համար։

Քրիստոսի խօսքը “Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի” (Յովհ ԺԴ. 27)՝ մխիթարութիւն պէտք է ըլլայ տառապողներուն։ Խաղաղութիւնը միայն հակամարտութեան բացակայութիւնը, քաղաքական համաձայնութիւն, եւ կամ ճակատագրի համակերպում չէ։ Խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է տրուած մեզի ի վերուստ։ Յիսուս Քրիստոս ինքնին մեր խաղաղութեան իշխանն է. ան է որ կը միացնէ ժողովուրդները։ Միայն այն անձը, որ իր սրտին մէջ ունի Քրսիտոսի խաղաղութիւնը, իբր հորիզոն եւ կեանքի վարքագիծ՝ կրնայ ըլլալ խաղաղարար (Հմմտ. Մտթ Ե. 9)

Միեւնոյն ժամանակ՝ խաղաղութիւնը ամենօրեայ յանդուգն եւ հարազատ վկայութեան պարտականութիւն մըն է՝ ի նպաստ հաշտութեան, երկխօսութեան կամուրջներ ձգելու եւ ծառայելու տկարներուն եւ դուրս լքուածներուն։ Խաղաղութիւնը կը կայանայ “հանդիպման մշակոյթի” մը կառուցման մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Նիկերիայի եկեղեցւոյն, որ հակառակ բազմաթիւ փորձութիւններու եւ տառապանքներու՝ կը շարունակէ հիւրընկալութեան ցուցաբերումով վկայել ողորմածութեան եւ ներումի հոգին։ Յիշելով քահանաները, կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, առաքեալներն ու քրիստոնէականի դաստիարակները, որոնք կրելով անբացատրելի զոհողութիւններ՝ չեն լքած իրենց հօտը, այլ մնացած են իրենց ծառայութեան մէջ՝ իբր հաւատարիմ քարոզիչներ Սուրբ Աւետարանին, Սրբազան Պապը երախտագիտութիւն կը յայտնէ եւ անոնց յատուկ խօսք ուղղելով կը յորդորէ՝ “մի´ դադրիք բարին գործելէ”։ Ապա Շնորհակալութիւն կը յայտնէ Տիրոջ այդ առաքեալներուն համար, ինչպէս բոլոր անոնց համար, որոնք ընկերային, մշակութային եւ կրօնական մարզերու վրայ՝ մեծ վճռակամութեամբ կը պայքարին բռնութեան որեւէ ձեւի դէմ՝ ի նպաստ աւելի ապահով եւ արդար ապագայի մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը փակէ իր նամակը քաջալերական խօսքերով՝ որ եպիսկոպոսները ընթանան խաղաղութեան ճամբէն յարատեւութեամբ, առանց վհատելու. ընկերակցին զոհերուն, օգնեն աղքատներուն, դաստիարակեն երիտասարդները, եւ ըլլան աւելի արդար եւ հաստատուն հասարակութեան մը իրականացման նախաձեռնողներ։ Վերջապէս՝ սրտանց կ’ուղարկէ անոնց իր Առաքելական Օրհնութիւնը եւ կը խնդրէ փոխանցել զայն նաեւ քահանաներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն, քարոզիչներուն, քրիստոնէականի ուսուցողներուն, հաւատացեալ աշխարհականներուն եւ յատկապէս Քրիստոսի Մարմնոյն տառապող անդամներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.