2015-03-17 10:39:00

Քառասնորդացի իմաստը ապրիլ


Մեծ պահքը կեանքին ամենակարեւոր պահն է զոր Տէրը մեզ կ'ընծայէ իրեն հետ խոր խօսակցութեան մէջ մտնելու, որպէսզի կեանքին այս շրջանը լաւագոյն ձեւով ապրինք այսինքն պահքի եւ ծոմապահութեան շրջանը:

Մենք մեզ կը նկատենք անապատի մը մէջ ապրելով Յիսուսին հետ, հեռանալով բոլոր մարդոցմէ եւ ամէն ինչէն՝ սորվելու համար թէ մարդս միմիայն մարմով չապրիր այլ Աստուծոյ հոգիով:

Մարդուն հոգին չի կրնար ապրիլ եւ չի կրնար ճշմարիտ սնունդը ստանալ առանց Աստուծոյ հոգիին: Ուրեմն մեծ պահքը նախ եւ առաջ ժամանակն է հոգեւոր սնունդին:

Այս օրերուն կը ջանանք մարմնոյ սնունդէն հեռանալ այսինքն քիչ ուտելով կամ ալ նուազեցնելով մեր ուտելիքը այսինքն թեթեւ սնունդի մը երթալ նախապատրաստելու համար մեր հոգին աւելի ուշադրութեան եւ մանաւանդ աղօթքի: Եկեղեցին մեզ կը յիշեցնէ թէ այս մարմինը զոր ստացանք Աստուծմէ անցողական է եւ լաւագոյն կեանքի պատրաստութիւն մըն է՝ Աստուծոյ կեանքին որ այսօրուընէ կը սկսի:

Քրիստոսի մուտքը անապատին մէջ մեր կեանքէն կը հանէ շատ մը յուսահատութիւն-ներ, փնտռելու համար Արքայութիւնը ինչպէս որ ինքը կ'ըսէ մեզի իր աշակերտներուն միջոցաւ. «Տեսէք երկնքի թռչունները, որ կ'աշխատին եւ ոչ ալ իրենց բարիքին կը մտածեն եւ սակայն ծաղիկները աւելի գեղեցիկ հագուստ հագած են շատ մը թագաւորներէն աւելի: Թռչուններն ալ կ'ուտեն հակառակ որ չեն հնձեր որովհետեւ Աստուած կը հոգայ իրենց»:

Պարտական ենք այն պատասխանատուութիւնը պահելու եւ Աստուծոյ շնորհքները աշխարհիս ստեղծումէն ի վեր, այսինքն այն գեղեցկութիւնները եւ ստեղծագործութիւնները մարդուն եւ բնութեան:

Քրիստոսը եւ Եկեղեցին կը շեշտեն ապաշխարութեան եւ ներումի կարեւորութեան վրայ, այսինքն ուրիշներուն եւ մեր սխալները ներելու, ինչպէս որ Աստուած մեզի կը ներէ:

Կարեւոր կէտ մըն ալ կը գտնենք Աւետարանին մէջ որ է ծոմապահութեան ձեւը, այս-ինքն մենք որպէս հաւատարիմ անապատին պատգամին երբեք պէտք չենք ներկայանալ տխուր եւ ցաւալի երեսով հանրութեան, այլ ծոմապահութիւնը ուրախութեան նշան մը ըլլալու է որովհետեւ Աստուած մեզի ուրախութեան ոգին շնորհեց:

Այս շրջանին կը մտածենք նաեւ հոգեւոր գանձերու վրայ, այսինքն մեր կեանքին մէջ ինչպիսի գանձեր շահելու ենք: Արդե՞օք նիւթական կամ առժամեայ նիւթական շահեր են որոնք օր մը զանոնք պիտի կորսնցնենք, թէ յաւիտենական եւ մշտնջենաւոր գանձեր են որոնք հոգեւոր են եւ մեր սրտին մէջ մտնելով, մեզի աւելի վստահութիւն կը ներշնչեն՝ աւելի ուրախ, յաջող եւ հոգեւոր հոգիով ապրելու այս գանձերն որոնք մեզի պիտի ընկերանան դէպի Աստուծոյ Արքայութիւնը:

Տէրը մեզ կը յորդորէ մեր մեծահոգին եւ վեհանձն հոգիին մէջ գտնուող ողորմած սէրը հաւաքելու, իր կամքը կատարելու եւ մեր եսասիրութիւնը հեռացնելու մեր հոգեւոր կեանքէն:

Այսպիսով մեծ պահքը կը դառնայ յառաջացում մը Յարութեան տօնին, երկու տեսակներով. նախ հոգիին յարութեամբ որ յաղթեց մահուան մեղքին վրայ, եւ Սուրբ Յարութեան նախապատրաստական ուրախութեան համար սկսելով Քառասնորդացի առաջին օրերէն:

Ապրինք եւ պատրաստուինք ուրեմն մեծ սիրոյ խորհուրդին՝ Աստուծոյ շնորհքին գան-ձերը մեծ հոգեւորութեամբ ապրելով եւ արժեւորելով այն շնորհքները զոր Աստուած ինծի կը շնորհէ Քառասնորդացի շրջանը ապրելու, առնելով մեր Խաչի ճանապարհը որ զիս պիտի հասցնէ լաւագոյն յաղթութեան եւ սքանչելի Յարութեան: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.