2015-03-16 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 16 մարտի Քարոզը ՝՝Աստուած մեզի սիրահարուած է՝՝ ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուած մեզի սիրահարուած է եւ մեզի հանդէպ ունի սիրոյ երազանք, ոչ մէկ Աստուածաբան կրնայ բացայայտել այս իրողութիւնը, բայց՝  լոկ  կրնանք հրճուանքի արտասուք թափել։Ասիկա եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 16 մարտին

Տոմուս Սանթա մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Ներշնչուելով օրուայ սուրբ գրային Եսայի Մարգարէի գիրքէն  քաղուած ընթերցումը՝ ուր Տէրը կը յայտնէ,  թէ Ան  պիտի ստեղեծէ նոր երկինքն ու երկիրը,

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց , թէ Աստուծոյ երկրորդ ստեղծագործութիւնը սքանչելի է քան առաջին ստեղծագործութիւնը, որովհետեւ երբ՝ Տէրը կը վերանորոգէ մեղքէ աւերակ եղած երկիրը՝ զայն կը կատարէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Սոյն  վերանորոգումին մէջ Աստուած կը յայտնէ իր անհուն սէրը ։

Աստուած կը մտածէ իւրաքանչիւրին  մասին, կ՝ըղձայ եւ կ՝երազէ  իւրաքանչիւրին

բարիքը։ Ասոր համար Աստուած կամեցաւ վերաստեղծել , նորոգել մեր սիրտերը՝  վասն ուրախութեան յաղթանակին։

Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր քարոզը ըսաւ՝ ՝՝կը տարակուսիմ՝ թէ ոեւէ աստուածաբան կրնայ բացայայտել Աստուծոյ սոյն իրողութիւնը, լոկ՝ կրնանք խոկալ զգալ եւ ողբալ, աւեցնելով՝ Հաւատքը Աստուծոյ սիրոյ վայրն է. տե՜ղ տանք Աստուծոյ անհունութեան եւ ամենակարողութեան՝ ոչ թէ ամենակարող անձի մը՝ այլ Ամենակալի  մը,  որ զիս կը սիրէ եւ սիրահարուած է ինծի՝  ակնկալելով իմ ուրախութիւնս։

Ասիկա է Հաւատքի. Հաւաստիքը՝, տեղ տալ Տիրոջ որպէսզի Ան՝ գայ եւ զիս փոխէ հաստատեց Սրբազան Հայրը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.