2015-03-15 09:51:00

Սուրբ Աթոռի եւ Ժընեւի մէջ ՄԱԿի մօտ այլ պատգամաւորութիւններու Յայտարարութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Ժընեւի մէջ ՄԱԿի եւ այլ Միջազգային Կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն ներկայացուցիչ Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազիի Մամլոյ յայտարարութիւնը

 

Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, Սուրբ Աթոռը եւ Լիբանան բանաձեւած են միացեալ յայտարարութիւն մը տիտղոսագրուած՝ «Նեցուկ կանգնիլ քրիստոնեաներու եւ այլ համայնքներու մարդկային իրաւունքներուն՝ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ»։ Այս յայտարարութիւնը զօրակցութեան արարք մըն է այն քրիստոնեաներուն եւ այլ համայնքներու անհատներուն համար, որոնք կը տառապին իրենց մարդկային իրաւունքներու դէմ գործադրուած ծանր եւ շարունակական բռնութիւններէն։

Յայտարարութիւնը կը շեշտէ այն վտանգաւոր վիճակը, որ տարածաշրջանի քրիստոնեաները կը դիմագրաւեն, եւ յստակօրէն կ´անդրադառնայ չարաշահումներուն, որոնց ենթակայ են որեւէ կրօնքի, ցեղային եւ մշակութային խմբակցութեան պատկանող անհատներ, որոնք պարզապէս կ´ուզեն ապրիլ իրենց կրօնական եւ հաւատալիքներու ազատութիւնը՝ առանց հալածուելու եւ սպաննուելու։

Յայտարարութիւնը էականօրէն ընդունուած եւ ստորագրուած է պետութիւններու մեծ թիւի մը կողմէ եւ կը հաստատէ քաղաքական դրական կամք մը՝ նեցուկ կանգնելու մարդկային իրաւունքներուն եւ յառաջ տանելու բռնութիւններու չէզոքացման ընթացքը։

Յայտարարութիւնը ներկայացուած է Ուրբաթ, Մարտի 13ին, Ժընեւի Palais des Nations պալատին մէջ, Մարդկային Իրաւունքներու Խորհուրդի 28րդ նիստի ժողովի ընթացքին։

 

Միասնական յայտարարութիւն՝ նեցուկ կանգնելու յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ այլ համայնքներու մարդկային իրաւունքներուն։՚

Հովանաւորներ՝ Ռուսաստանի Դաշնութիւն, Լիբանան եւ Սուրբ Աթոռ։

Միջին Արեւելքը կ´ապրի անկայուն եւ հակամարտութեան շրջան մը, որ վերջերս ծանրացած է։ Հետեւանքները աղետալի են տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան համար։

Շատ մը կրօնական համայնքներու գոյութիւնը լրջօրէն վտանգուած է։ Քրիստոնեաներ յատուկ կերպով ենթարկուած են այս վիճակին։ Ներկայիս՝ նոյնիսկ անոնց գոյատեւումը հարցականի տակ է։ Լաւագոյն ապագայի մը կերտումի ճիգերը յուսալքումի մատնուած են։ Վկայ ենք վիճակի մը, ուր բռնութիւնը, կրօնական եւ ցեղային ատելութիւնը, արմատական ծայրայեղականութիւնը, անհանդուրժողութիւնը, մերժումը, եւ ամբողջ հասարակութիւններու եւ համայնքներու ընկերային կառոյցներու քայքայումը կը վերածուին անհանդուրժելի քաղաքական եւ ընկերային պատկերի մը արտայայտութեան՝ վտանգ սպառնալով նոյնիսկ համայնքներու եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքի գոյութեան։

Միլիոնաւոր մարդիկ կա՛մ տեղահանուած են եւ կա՛մ պարտադրուած՝ լքելու իրենց պապենական հողերը։ Անոնք, որոնք կը մնան ահաբեկիչներու հակակշիռին տակ գտնուող հակամարտութիւններու շրջաններէն կամ մարզերէն ներս՝ մնայուն սպառնալիքի եւ մարդկային իրաւունքներու բռնութեան, ճնշումի եւ չարաշահումներու սպառնալիքին տակ կը գտնուին։ Թէ՛ համայնքներ եւ թէ՛ անհատներ զոհ են բռնութեան բարբարոսական արարքներու՝ խլուած իրենց բնակարաններէն, հեռացուած իրենց պապենական հողերէն, վաճառուած գերութեան, սպաննուած, գլխատուած եւ կենդանի վիճակով հրկիզման ենթարկուած։ Բազմաթիւ քրիստոնեայ եկեղեցիներ եւ բոլոր կրօններու հին սրբավայրեր կործանած են։ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները ապրած են դարերով եւ իրաւունքն ունին հոն մնալու. սակայն անոնց վիճակը մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ։ Միշտ աւելի պատճառներ կան՝ լրջօրէն մտահոգուելու քրիստոնեայ համայնքներու ապագայով, որոնք այս տարածաշրջանին մէջ աւելի քան երկու հազարամեակներ գոյութիւն ունեցած են, ուր քրիստոնէութեան պատմութիւնը սկիզբ առած է եւ որ միշտ քրիստոնեաներու բնակավայր եղած է։

Քրիստոնեաներու դրական ներդրումը Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու եւ հասարակութիւններու մէջ քաջ ծանօթ է եւ ստեղծագործ դեր կատարած է։ Վստահ ենք, որ կառավարութիւններ եւ Միջին Արեւելքի բոլոր քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարները պիտի միանան մեզի՝ ձայն բարձրացնելու այս ահազանգող վիճակին դիմաց՝ միասնաբար կառուցելով մշակութային եւ խաղաղ համակեցութիւն մը։ Մեր համաշխարհայնացած երկրագունդի վրայ բազմազանութիւնը հարստացում մըն է։ Ցեղային եւ կրօնական համայնքներու ներկայութիւնը եւ ներդրումը կը ցոլացնէ հնաւուրց բազմազանութիւնը եւ միասնական ժառանգութիւնը։ Միջին Արեւելքի մէջ, ապագայ մը՝ առանց զանազան համայնքներու՝ շրջանը պիտի դնէ նորակերպ բռնութիւններու, մերժումներու, խաղաղութեան եւ զարգացումի բացակայութեան վտանգին տակ։

Կոչ կ´ուղղենք միջազգային հասարակութեան՝ նեցուկ կանգնելու Միջին Արեւելքի մէջ խոր արմատ ձգած բոլոր ցեղային եւ կրօնական հասարակութիւններու պատմական ներկայութեան։ Այստեղ երեւան եկած են համաշխարհային կրօններ, ներառեալ քրիստոնէութիւնը։ Ներկայիս անոնք գոյութենական լուրջ սպառնալիքի տակ կը գտնուին՝ այսպէս կոչուած «Իսլամական Պետութեան», Ալքաիտայի եւ անոնց հետ առընչուած ահաբեկչական խմբակցութիւններու կողմէ, որոնք կը քանդեն այս բոլոր հասարակութիւններու կեանքը, եւ կը ստեղծեն քրիստոնեաներու ամբողջական անհետացումի վտանգը։

Ձեռք երկարելը պիտի օգնէ տարածաշրջանի երկիրներուն՝ վերականգնելու բազմազան ճոխութեամբ առողջ ընկերութիւններ եւ քաղաքական առողջ կառոյցներ, ապահովելով բոլորին՝ մարդկային իրաւունքներ եւ հիմնական ազատութիւն։ Ասոր համար կը խնդրենք բոլոր պետութիւններէն՝ վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը՝ յարգելով իւրաքանչիւրին իրաւունքները, եւ մասնաւորապէս կրօնքի իրաւունքը եւ ազատութիւնը, որ սրբութեամբ պահուած է մարդկային իրաւունքներու միջազգային դաշնագրութիւններուն մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.